«ԱՐԱՍ»ԷՆ ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆԻ «ԸՆԴԱՌԱՋՈՒՄ»Ը

«Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ հեղինակուած «Ընդառաջում» գիրքին, որ հրատարակուած է Խաչիկ Աբէլեանի աջակցութեամբ։ Այս գիրքը առաջին անգամ սահմանափակ տպաքանակով Երեւանի մէջ հրատարակուած է 2019 թուականին։ «Արաս»ի այժմ հրատարակածը երկրորդ տպագրութիւնն է՝ վերակազմակերպուած ու լրացուած։ Բացի թեքնիք վրէպներու սրբագրութենէն, այս երկրորդ հրատարակութիւնը կ՚ընդգրկէ առաջինէն դուրս մնացած կարգ մը գրութիւններ։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած է Քրիստիան Բատիկեան։ Կողքի պատրաստութիւնը եւ էջադրութիւնը իրականացուցած է Վահագն Քէշիշեան։

Գրիգոր Պըլտեանի արձակները չորս ընդհանուր գլուխներու ներքեւ մատուցուած է ընթերցողին։ Ան սփիւռքահայ մտաւորական կեանքի սակաւաթիւ տիտաններէն է եւ իրեն նման հեղինակութեան մը գործին Պոլսոյ մէջ հրատարակուիլը կը համարուի առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ հանգամանք մը։

Ընթերցասէր հասարակութիւնը վստահաբար առիթը կ՚արժեւորէ՝ Գրիգոր Պըլտեանի հիւթեղ գրիչին հաղորդ դառնալու համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025