ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱԿ-Ի ԿԵԴՐՈՆԸ. ԱՅՍՕՐ՝ ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծրագրի կարեւորագոյն փուլերէն մին կեանքի կոչեց։ Ան Նիւ Եորքի մէջ այցելեց ՄԱԿ-ի կեդրոնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան ծրագրի երէկուան բաժինը բնորոշուեցաւ բարձրաստիճան դիւանագէտներու հետ ժամադրութիւններով։
Նորին Ամենապատուութիւնը տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ահմէտ Եըլտըզի եւ Նիւ Եորքի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Մուհիտտին Ահմէտ Եազալի հետ։ Իրեն ընկերացան գաւազանակիրը՝ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեան եւ Թամար Գայսէրլեան, որ կը գլխաւորէ այցելութեան կարգադիր յանձնախումբը։ Աւագ հիւպատոսի հետ տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Թրքական տան մէջ, որ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին հանդիպակաց է։
Համաշխարհային կազմակերպութեան կեդրոնակայանէն ներս, բացի դեսպան Ահմէտ Եըլտըզէն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեսակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ դասպան Պարոյր Յովհաննիսեանի հետ։ Այս փուլին իր հետ էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Սիմէոն Աբեղայ Օտապաշեան։
Երկու մշտական ներկայացուցիչներն ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն հիւրընկալեցին իրենց գրասենեակներուն մէջ, ուր տեղի ունեցան նաեւ յուշանուէրներու փոխանակումներ։
Նորին Ամենապատուութեան առիթ ընծայուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի կեդրոնի համալիրէն ներս շրջայց մը կատարելու։ Արդարեւ, այնտեղ կան նաեւ թանգարանի բնոյթով բաժիններ, որոնք զանազան երկիրներու, ազգերու կամ հաւաքականութիւններու մշակութային արժէքները կը ցոլացնեն։ Ի յիշատակ այս այցին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ դեսպան Յովհաննիսեան նկարուեցան համալիրէն ներս զետեղուած հայկական խաչքարին մօտ։
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Նորին Ամենապատուութիւնը ընթրիքի սեղանով մը հիւրընկալուեցաւ Թէքէեան մշակութային միութեան Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի մասնաճիւղի ղեկավարութեան կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան։ Ատենապետուհի Հիլտա Յարութիւնեանի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ մեծարեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ անմիջական զրոյցի ընթացքին գնահատեց սփիւռքահայ հաստատութիւններու՝ մայրենի լեզուն եւ հայկական մշակոյթը պահպանելու հետամուտ ջանքերը։
Այսօր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ունի միջեկեղեցական կարեւոր ժամադրութիւն մը։ Իր այցելութեան առթիւ կազմակերպուած է էքիւմենիք արարողութիւն մը, որուն կը մասնակցին աշխարհի զանազան եկեղեցիներու Նիւ Եորքի շրջանի, Հիւսիսային Ամերիկայի հոգեւոր առաջնորդները։ Միասնական աղօթքէ վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ կը մէկտեղուի նաեւ ճաշասեղանի շուրջ։