ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանը։ Նկատի ունենալով, որ Նաիրի Պետրոսեան տարեմուտի շրջանին կը բացակայէր քաղաքէս՝ հնարաւորութիւն չէր ունեցած Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ հանդիպելու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։ Նաիրի Պետրոսեան երէկուան տեսակցութեան ընթացքին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեց Նորին Ամենապատուութեան։ Բաց աստի, ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի կողմէ շնորհաւորական նամակ մը՝ Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ։
Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փոխադարձեց Նաիրի Պետրոսեանի բարեմաղթանքներուն եւ տուաւ իր օրհնութիւնները։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, շնորհակալութիւն յայտնեց Վահագն Խաչատուրեանի կողմէ ուղարկուած նամակին համար։