ԷՍԱԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՐԵԿՈՅԹՈՎ ՄԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԻՆ
Երէկ երեկոյեան, Էսաեան վարժարանի մէջ բացառիկ ոգեւորութեան մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Վարժարանի 2024-2025 կրթական շրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ փայլուն երեկոյթով մը։ Թէ՛ միջնակարգի եւ թէ լիսէի շրջանաւարտները առանձին-առանձին ստացան իրենց վկայականները՝ մինչ իրենց ուրախակից էին Պէյօղլուի ընտանիքի վարիչները։ Եթէ լիսէի շրջանաւարտներուն առջեւ համալսարանական դառնալու հորիզոնը կ՚ուրուագծուէր, ապա միջնակարգի շրջանաւարտներն ալ կրթական կեանքէ ներս նոր հանգրուան մը կը թեւակոխէին։
Պատմական դպրոցի պարտէզին մէջ, ընթրիքի սեղաններու շուրջ տօնական բարձր տրամադրութիւն կը տիրէր։ Շրջաւարտներու ծնողներն ու այլ հիւրեր լիուլի ըմբոշխնեցին այս եզակի մթնոլորտը, ուր մէկ կողմէ զգալի էր երիտասարդական թարմութիւնը, կենսունակութիւնը, իսկ միւս կողմէ Էսաեանի խոր աւանդութիւններու ներգործութիւնը։
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, ուսուցչական կազմը եւ Էսաեանի ընտանիքէն այլ ներկայացուցիչներ։
Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ թարմ ծաղիկներով հիւսուած թագի մը ընդմէջէն, հրավառութեամբ, ծափահարութիւններով մուտք գործեց պարտէզ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ ստեղծուած ոգեւորութեան համապատասխան մթնոլորտի մը մէջ։ Էսաեանի վարիչները եւ այլ պատասխանատուներ հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով, մինչ շրջանաւարտ դասարաններու ներկայացուցիչներն ալ շնորհակալութեան խօսքեր արտասանեցին։ Տղաքը ստացան իրենց վկայականները եւ զանազան յուշանուէրներ։ Խանդավառ փուլերէն մին էր անոնց համար պատրաստուած կարկանդակի հատման պահը։
Այսպէսով երեկոյթը հասաւ իր աւարտին։ Սա թէեւ առաջին հայեացքով ընթացիկ հանդէս մըն էր, սակայն, այս տարուանին բացառիկ նշանակութիւն վերագրուած էր։ Արդարեւ, Էսաեանի ընտանիքը ներկայիս կը նշէ դպրոցի հիմնադրութեան 130-ամեակը եւ այս յոբելենական շրջանը կը զուգադիպի Պէյօղլուի նոր թաղային խորհուրդի պաշտօնի կոչուելով ծնունդ առած նոր ոստումի շրջանին։ Ուստի, երէկուան շրջանաւարտութեան հանդէսն ալ բիւրեղացաւ նոյն համայնապատկերին վրայ՝ մինչ բոլորի սրտի խորքն էր Էսաեան վարժարանի յարատեւութեան մաղթանքը։