ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծրագիրը այս շաբաթավերջին կը թեւակոխէ եզրափակիչ փուլ։ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ հիւրընկալուեցաւ միջեկեղեցական ձեւաչափի մէջ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ Նիւ Եորքի առաջնորդարանին մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն էքիւմենիք ճաշասեղան մը սարքուեցաւ ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան։ Այսպէս, առաջնորդարան փութացած էին ԱՄՆ-ի կամ Հիւսիսային Ամերիկայի, ըստ էութեան, Նիւ Եորքի շրջանի հոգեւոր առաջորդները։ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Էլֆիտօ Ֆորոս մետրապոլիտը, Նիւ Եորքի պապական նուիրակ կարտինալ Թիմոթի Տոլան, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Ճոն Քաուաք մետրապոլիտը, Եթովպական Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ապունա Փեթրուս մետրապոլիտը եւ Սերպ Ուղղափառ եկեղեցիէն Իրինէյ մետրապոլիտը ընդառաջած էին հրաւէրին։ Բաց աստի, ներկայ էին Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Անտիոքի Ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ առաջորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի առընթեր հաւաքոյթին մասնակցեցան նաեւ առաջնորդական փոխանորդ Տ. Սիմէոն Աբեղայ Օտապաշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Դաւիթ Քհնյ. Քարամեան եւ Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեան։

Ճաշասեղանի շուրջ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան ողջոյնի բաժակաճառ մը արտասանեց։ Ան բացատրեց, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնը ունի պատմական նշանակութիւն։ Նկատի ունենալով Նորին Ամենապատուութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու նկատմամբ ընծայած կարեւորութիւնը՝ առաջնորդարանին մէջ կազմակերպուած էր այս ձեւաչափով հանդիպում մը։

Ապա բոլոր հիւրերը ողջունեցին Նորին Ամենապատուութիւնը՝ արժեւորելով Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առաքելութիւնն ու եզակի գործունէութիւնը։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ համաքրիստոնէական ոգիի առումով տուաւ դրական պատգամներ։ Ան շեշտեց, որ զանազան եկեղեցիներ նոյն ծառի տարբեր ճիւղերուն կը նմանին եւ այդ տարբերութիւնները բաժանարար ազդակներ չեն համարուիր, անշուշտ, ընդհակառակը։ Ան բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ իր այցելութեան առթիւ կազմակերպուած այս հաւաքոյթի հրաւէրին ընդառաջած ըլլալու համար։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն նուիրեց՝ Իսթանպուլի մէջ հրատարակուած «Christianity Fundamental Teachings» գիրքէն օրինակներ։

Էքիւմենիք այս հաւաքէն վերջ, երէկ երեկոյեան ժամերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Հրաշափառի արարողութեամբ։ Այս մէկը Մենհեթթընի եզակի հայկական եկեղեցիներէն մին է, ուր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդները կ՚աղօթեն ջերմեռանդութեամբ։ Այս եկեղեցին նաեւ պատմական է, որովհետեւ անցեալին եղած է Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստը։ Ո՛չ միայն եկեղեցին պատմական է, այլեւ անոր վերաբերեալ յիշողութիւնն ալ ունի անմոռանալի ծալքեր։ Արդարեւ, այս նոյն եկեղեցւոյ մէջ նահատակուած է թեմի երջանկայիշատակ առաջնորդներէն վախճանեալ Տ. Ղեւոնդ Արք. Դուրեան։ Բաց աստի, այս եկեղեցւոյ մէջ կը գտնուի խորան մը, որ ընծայուած է Չարխափան Ս. Աստուածածնին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ այս եկեղեցին հայու հայու դէմ թշնամութեան եւ բաժանումին խորհրդանշաններէն մին դարձած է՝ քանի այնտեղ նահատակուած է Տ. Ղեւոնդ Արք. Դուրեան։ «Բայց պէտք է յիշել, թէ եկեղեցին եղած է Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ եւ անոր նպատակը եղած է՝ հաւատացեալներուն հասցնել երկնաւոր հօր ներկայութիւնը», ըսաւ ան ու մաղթեց, որ Աստուած անսասան պահէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին եւ ողորմի իր ժողովուրդին։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, թէ սփիւռքի պայմանները տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ ընդհանրապէս եղած են իրերանման, ուստի, ան խոնարհեցաւ յիշատակին առջեւ այն բոլոր առաջնորդներուն եւ հոգեւորականներուն, որոնք հեռաւոր ափերու մէջ ազգապահպանութեան առաքելութիւնը առանց անտեսելու մատուցած են հովուական ծառայութիւն։

Երեկոյեան ժամերգութեան երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Քրիս Գալֆաեանի։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վաղը պիտի հիւրընկալուի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեանի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ։ Կիրակի ան պիտի պատարագէ Արեւելեան թեմի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025