ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒՄ

Համայնքային զանազան հաստատութիւններու կողմէ տրուած կրթաթոշակները համակարգելու առաջադրութեամբ ստեղծուած յանձնախումբը գումարեց իր առաջին ժողովը։ Կրթաթոշակներու պարագային յարաբերաբար աւելի արդար եւ հաւասարակշռուած վիճակ մը ապահովելու առաջադրութեամբ ստեղծուած այս յանձնախումբը կը ջանայ համապատասխան աշխատանքները համակարգել եւ ընդհանուր դրութեան մը ծիրին մէջ դնել։ Գլխաւոր նպատակներէն մին է համայնքի աշակերտներուն համար տրամադրուած կրթաթոշակներու մակարդակին միջեւ նմանութիւն մը ապահովելը։

2025-2026 կրթական շրջանին համայնքէն ներս 427 աշակերտ կրթաթոշակ պիտի ստանայ եւ համապատասխան գումարը կը հասնի 19 միլիոն թրքական լիրայի մակարդակին։

Վերոյիշեալ համակարգման խորհուրդին մաս կը կազմեն՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, ՍԷՎ-ի վարչութեան, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ Թաքսիմի Ս. Յակոբ հայ կաթողիկէ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025