ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայայի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց տուած այցելութիւնը վերջին օրերուն բնորոշեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Ամանորի ընդառաջ, համայնքային շրջանակներէն ներս կը շարունակուին այս այցելութեան արձագանգները։ Նախարար Երլիքայա թէեւ հիւանդանոց փութացած էր հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի արագ ապաքինում մաղթելու, սակայն, պարզ է, որ այցելութեան իմաստը այդքանով սահմանափակուած չէր։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախօրէին Անգարայի մէջ այցելած էր Երլիքայային, որու հետ զրոյցի ժամանակ քննարկուած էին հիւանդանոցի հոգաբարձութեան առկախեալ ընտրութեան վերաբերեալ խնդիրը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախարարին նկատառման յանձնած էր Պետրոս Շիրինօղլուի դիմագրաւած առողջական խնդիրները։ Այդ զրոյցէն շատ կարճ ժամանակ անց նախարարի հիւանդանոց այցելելը ուշադրութիւն գրաւեց ժամկէտի առումով։ Սա ընկալուեցաւ՝ որպէս շօշափելի ապացոյց, թէ պետական շրջանակները որքան նրբանկատութիւն կը ցուցաբերեն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին եւ անոր ղեկավարութեան նկատմամբ։

Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցները այս շրջանին գոյաբանական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Պալաթի հրէից հիւանդանոցը միջոց մը առաջ յայտարարած էր, որ գործունէութիւնը դադրեցնել որոշած էր։ Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցը երկար ժամանակէ ի վեր անմխիթար վիճակի մը մէջ է։ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի մատնուած ցաւալի կացութիւնն ալ բոլորին ծանօթ է։ Այս ամբողջին մէջ միակը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցն է, որ իր ներուժը առաւելագոյնս կ՚արժեւորէ եւ բոլոր առումներով յաւակնոտ կէտի մը հասած է՝ իր նմաններու շարքին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025