ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Թուրքիան արդէն մտած է արձակուրդի։ Ուստի յառաջիկայ օրերուն թերթս պիտի չհրատարակուի եւ մեր յաջորդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ 2 ապրիլ 2025, չորեքշաբթի։

Թերթիս այսօրուան թիւը տպարան ուղարկուած է սովորականէն աւելի կանուխ։

Այս առթիւ լաւագոյն մաղթանքով կը շնորհաւորենք մեր մահմետական հարեւանները՝ մաղթելով, որ տօնը խաղաղութեան ու բարօրութեան առիթ դառնայ մեր երկրին եւ համայն մարդկութեան համար։

Շաբաթ, Մարտ 29, 2025