ԱՆՄԽԻԹԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏ

Շաբաթավերջին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Տիգրիս Թաշքըրանի յուղարկաւորութեան յուզումնախառն արարողութիւնը։ Երկրաւոր կեանքէ իսկապէս շատ երիտասարդ տարիքով հեռացած Տիգրիս Թաշքըրանի անժամանակ ու ողբերգական մահը վերջին օրերուն խոր ցնցման պատճառ դարձաւ համայնքային կեանքէն ներս։ Պոլսահայ կրթական համակարգը, որ սուգով համակուած էր, անմխիթար հրաժեշտ տուաւ Տիգրիս Թաշքըրանին, որ իր ամբողջական եռանդը ի գործ կը դնէր՝ նոր սերունդի պատրաստութեան նուիրական նպատակին։

Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ փութացած էր վշտակցելու նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակի ընտանիքին, պաշտօնակիցներուն եւ սաներուն, որոնք տամուկ աչքերով զինքը ուղեւորեցին դէպի անդենական։

Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ դամբանական մը։ Դամբանախօս հայր սուրբը վեր առաւ հանգուցեալ կրթական մշակի նուիրումն ու ծառայութեան եռանդը։ Ան շեշտեց, որ Տիգրիս Թաշքըրան համատարած գնահատանքի արժանացած էր ո՛չ միայն որպէս կրթական մշակ, այլ նաեւ որպէս մարդ։ Թաշքըրան սէր ու համակրանք կը վայելէր իր հաղորդական ու ազնիւ նկարագրով։ Պաշտօնակիցները Տիգրիս Թաշքըրանի հետ կուտակած էին բազում ապրումներու ջերմութիւն, ինչ որ ապագային պիտի պայմանաւորէ անոր անթառամ ու քաղցր յիշատակը։ Հուսկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան աղօթեց, որ երիտասարդ կրթական մշակի հոգին արժանանայ երկնային լուսեղէն օթեւաններուն, իսկ ընտանիքն ու սիրելիները մխիթարութիւն գտնեն Սուրբ Հոգիով։

Լուսաշող տաճարին կեդրոնը, մահաբեմի վրայ զետեղուած դագաղին շուրջ յուղարկաւորները առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին լուսահոգի կրթական մշակի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Դագաղին շուրջ կերոնակիր էին ներկայացուցիչները այն հաստատութիւններուն, որոնց կողմէ հովանաւորուած կրթօճախներէ ներս ծառայութիւն մատուցած էր հանգուցեալը։

Յուղարկաւորութեան աւարտին հոգելոյս Տիգրիս Թաշքըրանի մարմինը հողին յանձնուեցաւ՝ Շիշլիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025