ՇԻՇԼԻ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ԸՆԴԱՌԱՋ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը այս տարի եւս Ամանորի սեմին մեծ խանդավառութեան մէջ է։ Յամենայնդէպս, արտասովոր ոգեւորութեան մթնոլորտ մը ստեղծուած է յատկապէս այս տարի՝ քանի 2026 թուականին Շիշլի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը։ Ուստի, 2026-ը դարադարձի տարի է։

Շաբաթավերջին, յաջորդ քայլափոխի դրական սպասումներու մթնոլորտին մէջ, Շիշլիի դասընթացքներու մասնակից տղոց համար կազմակերպուեցան Ամանորի խրախճանքներ։ Գարակէօզեան տան, Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան, Տատեան վարժարանի, Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի, Եշիլգիւղի եւ ակումբի կեդրոնական հաւաքատեղիի մէջ՝ վեց տարբեր կէտի վրայ տեղի ունեցան խրախճանքներ, որոնց շուրջ հազար հոգի մասնակցեցաւ։

Բոլոր խրախճանքներուն Կաղանդ պապուկը յուշանուէրներ բաժնեց փոքրիկ մարզիկներուն։

Շիշլիի վարչութիւնը կը նախատեսէ մանուկ եւ պատանի մարզիկները համախմբել, նաեւ մարմնամարզի առընթեր, զանոնք հաղորդ դարձնել մեր վաղեմի աւանդութիւններուն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025