ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԱՆԿԱՆՑ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ տարեմուտի աւանդական մանկանց խրախճանքը, որով ստեղծուեցաւ բացառիկ խանդավառութիւն։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, տարեմուտին մեր համայնքի փոքրիկներն ու պատանիները համախմբուեցան բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։ Մանկանց խրախճանքին ներկայ եղաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին շարք մը հոգեւոր հայրեր։
Համայնքային զանազան վարժարաններու սաներ մասնակցութիւն բերին օրուան յայտագրին՝ երգերով, պարերով, արտասութիւններով կամ թատերակներով, որոնք արժանացան ծափահարութիւններու։ Տղոց ծնողները եւ այլ հիւրեր եւս հետեւեցան յայտագրին, որու տեւողութեան Կաղանդ պապուկն ալ այցելեց սրահ եւ նուէրներ բաժնեց փոքրիկներուն։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ալ խրախճանքի ընթացքին մասնակիցներուն տուաւ յորդորներ։