ԻՍՔԵՆՏԷՐՈՒՆԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԷԻՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԱՂՕԹՔ
Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուան առթիւ, բացի Իսթանպուլէն, Թուրքիոյ այլ քաղաքներուն մէջ ալ տեղի ունեցան արարողութիւններ։ Ինչպէս Իզմիրի, այնպէս ալ Իսքենտէրունի մէջ քրիստոնեաները համախմբուեցան միասնութեան աղօթքի առիթով։ Երէկ, Իսքենտէրունի մէջ, տեղւոյն կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Քրիստոնէից միութեան աղօթքի արարողութիւնը։ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ վիճակաւոր Անթուան Ըլկաթ եպիսկոպոսը հանդիսապետեց արարողութեան, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի օրհնութեամբ՝ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան մասնակցեցաւ այս արարողութեան, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Շրջանի այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներն ալ ներկայ էին միասնութեան աղօթքին։
Մինչ այդ, Իսքետէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշն ալ տէր հօր ընկերացաւ արարողութեան ժամանակ։
