ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏ
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ կազմակերպուեցաւ՝ պոլսահայ կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Թէ՛ հանգստեան կոչուած եւ թէ գործող կրթական մշակներ մասնակցութիւն բերին այս պտոյտին։ Անոնք զիրար վերագտած ըլլալու բարձր տրամադրութեամբ, զանազան թաղերէ իրենց համար յատկացուած մասնաւոր փոխադրամիջոցներով ուղղուեցան դէպի Մաշուքիյէ։
Ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Լոռի Կիւլպենկ եւ գործակից ընկերները օրուան տեւողութեան ջերմօրէն հիւրընկալեցին կրթական մշակները։ Խումբը վայելեց բնութեան խաղաղ մթնոլորտը, որու պայմաններուն ներքեւ պտոյտի մասնակիցներու անմիջական զրոյցներն ալ կարծես դարձան աւելի քաղցր։ Կրթական մշակները միասնաբար ճաշեցին, յիշատակներ թարմացուցին, անշուշտ, այդ բոլորին մէջ անխուսափելիօրէն ի յայտ եկան պոլսահայ կրթական համակարգի բազում խնդիրները։
Խումբի անդամները վառ տպաւորութիւններով վերադարձան պտոյտէն եւ հրաժեշտի փուլին ջերմ հիւրընկալութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Լոռի Կիւլպենկին եւ գործակիցներուն։