ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ

Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Սա, խորքին մէջ, գիրքի շնորհանդէս մըն էր, սակայն, ձեռնարկը միայն գրականութեամբ սահմանափակուած չէր, քանի կ՚ընդգրկէր նաեւ թատրոնը։ «BGST» հրատարակչատան կողմէ վերջերս լոյս ընծայուած է «İster Ağla, İster Gül: Sahne Tozlu Anılarım» գիրքին, որու հեղինակն է յայտնի դերասան ու թատերական գործիչ Պերճուհի Պէրպէրեան։ Գիրքի գինեձօնը վերածուեցաւ նաեւ Պերճուհի Պէրպէրեանի տեսակէտէ մեծարանքի հանդիսութեան մը։ Երեկոյթը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Անոնք հերթական անգամ Պերճուհի Պէրպէրեանը համակրանքի եւ գնահատանքի առարկայ դարձուցին՝ չորս տասնամեակներու իր թատերական գործունէութեան համար։

Գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթը վարեց բեմադրիչ Տույկու Տերեանօղլու։ Յայտագրի յատկանշական պահերը բնորոշեցին՝ Պերճուհի Պէրպէրեանի կողմէ նախապէս պատրաստուած «Գնալը ա՜խ Գնալը» խաղէն հատուածներու ընթերցումը՝ Առլէթ Մենշուրօղլուի եւ Սէրտա Արսլանի կողմէ։

Պերճուհի Պէրպէրեանի հետ ասուլիսէն վերջ ծրագիրը աւելի ներառական հունով մը ընթացաւ, քանի գիրքին մէջ անունը նշուած բազմաթիւ դէմքերու հետ հարցում-պատասխան մը սկսաւ։ Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ երեկոյթը նախատեսուած էր հեղինակի ծննդեան տարեդարձի օրը։ Բոլոր ներկաները զինքը շնորհաւորեցին՝ մինչ ան մակագրեց իր գիրքերը։ Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ալ ջերմ ու անմիջական զրոյցը շարունակուեցաւ ներկաներուն եւ արուեստագիտուհիին միջեւ։

Ուրբաթ, Մայիս 30, 2025