ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը արդէն 193 տարեկան է։ Երէկ, Համբարձման տօնին, թրքահայ համայնքային շրջանակները բարձր տրամադրութեամբ նշեցին անոր հիմնադրութեան տարեդարձը։ Ըստ աւանդութեան՝ ամէն տարի Համբարձումն ու հիւանդանոցի տարեդարձը կը տօնախմբուին միասին, ինչ որ առիթ կը դառնայ ոգեւորութեան կրկնապատկուելուն։ Այս տարուան տարեդարձը եկաւ հերթական անգամ վերահաստատել, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը կենսունակութեան կոթող մըն է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ տօնակատարութիւններուն, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը որակեց հաստատութենականացեալ բարեգործութեան օճախ մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս բարձր գնահատանքին զուգահեռ՝ տարեդարձի մասնակիցները վկայեցին, թէ Գթութեան յարկի համալիրէն ներս թափով պատրաստութիւններ յառաջ կը տարուին՝ առողջապահական ծառայութիւնները նոր ճիւղերով զարգացնելու համար ենթակառուցուածքի ձեւաւորման առաջադրութեամբ։ Տօնական հրճուանքով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու շեշտեց, որ հիւանդանոցն ու թրքահայ բոլոր համայնքային հաստատութիւնները խորապէս երախտապարտ են Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին, որու ամուր քաղաքական կամքով բոլորը կը գործեն նոր հորիզոններով։ Տօնակատարութիւններուն մասնակցեցան նաեւ Իսթանպուլի փոխ-կուսակալ Հասան Կէօզէն եւ Զէյթինպուրնուի քաղաքապետ Էօմէր Արըսոյ, որոնք յուշանուէրներ ստացան՝ հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի ձեռամբ։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ մատնանշեց, որ Պետրոս Շիրինօղլու արդէն 24 տարիէ ի վեր անընդհատ հիւանդանոցի վերելքին կը ծառայէ՝ հոգաբարձութեան իր լծակից ընկերներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ այդ ծառայութեան ժամանակաշրջանը յոբելենական կլոր թիւի մը հանգրուանին հասնի եւ յաջորդ տարի այժմ ձեռնարկուած ծրագիրները իրենց աւարտին հասած ըլլան՝ Շիրինօղլուի սպասաւորութեան 25-ամեակին։
Համբարձման տօնակատարութիւններուն առթիւ Սուրբ Փրկիչ մատրան մէջ երէկուան արարողութիւնները համախմբեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ, Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, նաեւ հանդիսապետեց Հայրապետական մաղթանքին։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ՝ Կիւլպէնկեան բարեյիշատակ գերդաստանի լուսահոգի անդամներու յարակից շիրմին մօտ։ Այս փուլին երախտագիտութեամբ ոգեկոչուեցան հիւանդանոցի՝ տարբեր ժամանակներու բոլոր բարերարներն ու սատարողները, անշուշտ, ներառեալ հոգելոյս Յարութիւն ամիրա Պէզճեանը, որու մեծագործութիւնը կը համարուի այս հաստատութեան ստեղծման ապահովումը։ Կրօնական արարողութիւններուն ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազում անդամներ։
Տարեդարձի աւանդական սիրոյ սեղանը սարքուեցաւ «Կոմիտաս» սրահին մէջ, ուր հիւանդանոցի պատասխանատուներն ու համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչները իրարու հետ բաժնեցին օրուան ուրախութիւնը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Մարգրիտ Ասլանի հանդիսավարութեամբ։ Բոլորի հասարակաց մաղթանքն էր հաստատութեան յարատեւ վերելքին շարունակուիլը։