ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Ո՛վ Հայր, ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ իմ հոգիս» (Ղուկաս 23:46)

Տէր Յիսուսի խաչի վրայ վերջին աղօթքը՝ ուղղուած Հայր Աստուծոյ, պէտք է մեր առաջին եւ հիմնական աղերսանքը դառնայ, երբ մուտք կը գործենք Նոր տարիի սեմէն ներս: Նոր տարին՝ 2026-ը, ինչե՞ր պիտի մատուցանէ. ո՛չ ոք գիտէ՝ բացի Աստուծմէ, որ Տէրն է բոլոր ժամանակներուն: Ուստի, հաւատացեալի համար անտեսանելի ապագան Աստուծոյ ձեռքերուն յանձնելը ամենօրեայ պաշտամունք մըն է, որ խորհրդաւոր իմաստ մը կը զգենու, երբ կը տօնենք Ամանորը:

Որքա՜ն կարիքը ունինք զօրանալու հոգեպէս՝ մանաւանդ մեր ներկայ ժամանակներուն, երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը ծանր ընդբախումներու մէջ մտած են ու անլուծելի թնճուկի վերածուած վիճակով դէմ յանդիման կը թողուն համայն մեր ազգը։ Տխուր ենք պատահածներէն ու շփոթած՝ դողդոջ սիրտերով կը սպասենք, որ խաղաղ լուծումներ աւետէ մեզի 2026-ը: Կարիքն ունինք զօրանալու, որպէսզի կարենանք մխիթարել մեր եկեղեցւոյ զաւակները՝ անոնց տալով խորհրդաւոր սպեղանին՝ աղօթքը եւ Աստուծոյ Խօսքը, դարմանելու համար անոնց վէրքերը։

«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն»։

«Խաղաղութեան իշխանի» յայտնութեան տաղաւարի շուքին ներքեւ կը ցանկանք, որ վերջ գտնեն անհանդուրժողութիւնը եւ բախումները, որոնք բացի վիրաւորանքէ, սուգէ եւ տառապանքէ՝ ո՛չ մէկ օգուտ կը բերեն։ Աստուած պարգեւէ, որ մարդոց առօրեային տիրապետէ խաղաղ համակեցութեան ոգին։ Մեր մաղթանքն է, թէ մեր ժողովուրդը վայելէ խաղաղութեան պտուղները, արձանագրէ վերելք եւ բարգաւաճում։ 

Ո՛վ Հայր, ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդենք մեր վիրաւոր Սուրբ Եկեղեցին, որպէսզի Տէր դառնաս անոր մշուշապատ ներկային ու ապագային՝ այնպէս, ինչպէս պահպանած ես զայն անցեալին դժոխքի դռներու բոլոր մոլեռանդ յարձակումներէն: Միութիւնը եւ եղբայրսիրութիւնը ետ դարձուր ազգիս Հայոց երկնառաք մխիթարութեամբ:

Որպէսզի Նոր տարին դառնայ իսկապէս «նոր», պէտք է մէկ կողմ դրուին ատելութիւնը, քինախնդրութիւնը, դժկամութիւնը եւ պէտք է գիտակցիլ, որ ժամանակն է ներելու եւ մոռնալու թէ՛ մեր անցեալի վրիպումները եւ թէ ուրիշներու բացթողումները մեր անձերու նկատմամբ՝ ունենալով վեհանձն հոգի մը՝ միշտ պատրաստ սրբագրելու հի՛նը եւ հիմնադրելու նո՛րը թարմ երազանքով:

Գիտենք, բոլորս ալ կը տեսնենք, որ 2026-ի հորիզոնին վրայ կուտակուած են սեւ ամպեր եւ կը լսենք ամպրոպներու ձայնը, որ դող ու սարսափ կը պատճառէ մեր սիրտերուն: Ուրեմն, ճիշդ ժամանակն է կոչ ուղղելու հաւատքին, յոյսին եւ սիրոյն, որոնք մկրտութեան մեր ժառանգութիւններն են մեզի աւանդուած՝ կեանքի ընթացքին գործադրելու համար: Պիտի համբերենք: Փոթորիկները ի վերջոյ պիտի հանդարտին, անձրեւները պիտի դադրին, ծիածանը պիտի յայտնուի կապոյտ երկնակամարին վրայ՝ գարնան եւ արեւաշող օրերու աւետիսը բերելով մեզի: Այո՛, այդ նոյն սեւ ամպերուն մէջէն տեսնել խոստմնալից կապոյտ հորիզոնը ու սպասել համբերութեամբ երջանկաբեր ապագային՝ միայն հաւատքով եւ յոյսով կարելի կը դառնայ:

Ո՛վ Հայր, ամենախնամ Տէ՛ր, ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդենք մեր հոգիները եւ մարմինները յառաջիկայ 365 օրերու ընթացքին:

Մեր աչքերը չենք փակեր կեանքի ձախողանքին, մեզի հասցուցած հարուածներուն եւ խաւարագոյն սպառնալիքներուն դիմաց: Պարզապէս այս տարի ալ Աստուծոյ վստահելով ընթանալու յայտարարութիւնը կ՚ընենք. «Փա՛ռք Քեզ Տէր»:

Եթէ Նոր տարին մեզի պիտի չյարմարի, թող մենք անոր յարմարինք, Պօղոս առաքեալի հետ ձայնակցելով ըսենք. «Ես սորված եմ բաւարարուիլ ինչով որ կրցած եմ: Գիտեմ ապրիլ զրկանքով, գիտեմ ըլլալ առատութեան մէջ: Ամէն բանի մէջ ամէն կերպով խելամիտ եմ՝ թէ՛ յագենալու մէջ, թէ՛ անօթենալու, թէ՛ առատութեան մէջ ըլլալու, թէ՛ զրկանք կրելու: Ամէն բանի կարող եմ շնորհիւ Անոր՝ որ զօրացուց զիս» (Փիլիպ. Դ:11-14):

Հետեւաբար, այս Նոր տարիին նաեւ պիտի ջանանք իրագործել մեր մարդկութիւնը՝ իր բոլոր երեսակներով: Յոյս ունինք եւ յոյսը չ՚ամչցներ երբեք: Արդէն մեր լաւատես հայեացքով 2026-ի հորիզոնը շատոնց ներկեցինք վարդագոյն տեսիլքներով եւ երկինքի օրհնաբեր կապոյտով:

2026 թուականը, իր նախորդներուն պէս, պիտի հրամցնէ մեզի դրախտավայել ժամանակներ: Եթէ մենք հրաժարինք փնտռելէ «վարդ առանց փուշի», ապա այս Նոր տարին ալ օրհնաբեր պիտի ըլլայ մեզի համար, եթէ հաշտուած ենք Աստուծոյ, մարդոց եւ բնութեան հետ: Իրազեկ պէտք է դառնանք այն իրականութեան, թէ 365 օրերու իւրաքանչիւրը շնորհք մըն է մեզի տրուած, նուէր մը անփոխարինելի արժէքով օծուն՝ ներառեալ իր մատուցած դժուարութիւնները:

Եթէ այս շնորհալի կեցուածքը կարենանք ցուցաբերել այս Նոր տարուան ընթացքին, ապա այդ ժամանակ մաքուր խղճով, մարդավայել զգացումով եւ անկեղծութեամբ կրնանք ըսել.

Շնորհաւոր Նոր տարի:

Ձեր բոլորին երջանկութիւն եւ առողջութիւն, երկնառաք լիակատար օրհնութեամբ:

Աղօթարար՝

ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025