ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
«Եթէ մէկը Ամենայն Հայոց Հայրապետը կ՚որակէ սրբապիղծ, ապա հարցը այդ կէտէն սկսեալ զիս կը հետաքրքրէ», յայտարարեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան՝ երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ վերադարձին Գումգաբուի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ։
Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանի երդիքին տակ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն մանրամասն յայտարարութիւններ ըրաւ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ օրակարգին շուրջ։ Բացի իր ուղեւորութեան վերաբերեալ տպաւորութիւնները բաժնելէ եւ համայնքային խնդիրներու ընթացքը մեկնաբանելէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խոշորացոյցի տակ բերաւ նաեւ Հայաստանի մէջ իշխանութիւններուն սանձազերծած հակաեկեղեցական արշաւը՝ մանաւանդ, որ իր բացակայութեան օրերուն զուգադիպած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Իսթանպուլ այցը, որու ժամանակ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ բացակայած էին հոգեւորականները։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդհանրապէս հաւասարակշռուած պատգամներ տուաւ՝ առանց թաքցնելու խնդիրները։
«Մեր Պատրիարքական Աթոռի կեցուածքը կը մնայ։ Մեր խիղճը հանգիստ է։ Պատրիարքարանի որդեգրած դիրքորոշման համար ես կը կրեմ պատասխանատուութիւնը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Հայ Եկեղեցին միայն Հայաստանի եկեղեցին չէ։ Այսօր իշխանութիւնները կ՚ուզեն կաթողիկոսը փոխել։ «Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որովհետեւ եթէ անգամ մը այդ ճանապարհը բացուի, ապա ապագային մէջէն դուրս գալ կարելի չ՚ըլլար։ Շատ դժուար է տարանջատել Ամենայն Հայոց Հայրապետի անձն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը», շարունակեց ան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը լրագրողներու նկատառման յանձնեց, որ նուիրականութիւնները պէտք չէ իրարու հակադրուին։ «Եթէ մենք մեր նուիրականութիւնները մրցակցութեան մէջ պիտի դնենք, ապա մեզի համար առաջին նուիրականութիւնը մեր եկեղեցին է», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ հայոց ամենանուիրական վայրը ներխուժած են բանակով։ «Եթէ մէկը ձեր ընտանիքին հայհոյէ, ապա արդէն հոգեբանական գործօններ ալ կը յառաջանան», աւելցուց ան։ Նորին Ամենապատուութիւնը այժմու վիճակը կը դիտարկէ ըստ հետեւեալի. «Նիկոլ Փաշինեան 7 տարիէ ի վեր իշխանութեան գլուխ կը գտնուի։ Նորին Սրբութեան հետ նկարահանուած կամ տեսագրուած է՝ լեցուն մտերմիկ դրուագներով։ Մինչեւ այսօր չէ՞ր գիտեր այն պնդումները, որոնք այսօր յառաջ կը քշէ։ Մարդիկ հաւատք չեն ընծայեր, որովհետեւ բոլորը կը հասկնայ, որ կառավարութիւնը հետամուտ չէ բարոյականութեան, այլ նախընտրական հաշիւներու մէջ է»։
Ան մատնանշեց. «Թաւշեայ յեղափոխութիւնները եկեղեցիները կը տեսնեն ընդդիմադիր եւ կը ջանան զանոնք տկարացնել։ Հայաստանի պարագային ալ այսպէս է եւ այս հանգամանքի ամենավառ ապացոյցներէն մին է հանրակրթական դպրոցներէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկայի դասաւանդութեան դադրեցումը»:
Անդրադառնալով իր բացակայութեան օրերու իրադարձութիւններուն, ան ցաւ յայտնեց, որ Փաշինեանի Իսթանպուլի այցին ժամանակ Պատրիարքական Աթոռը շրջանցուած է, արարողակարգային թերացում կատարուած է։ Մեր համայնքի վարիչներուն հետ ուղղակի շփում հաստատուած է՝ Պատրիարքարանի շրջանցումով, ինչ որ հաստատութենական իմաստով անընդունելի է։ Ան դիտել տուաւ, որ ինք իր մեկնումէն միայն երկու օր առաջ վերահասու դարձած է, որ վարչապետը Իսթանպուլ պիտի գայ այլապէս կ՚ենթադրուէր, որ ան Անգարա պիտի մեկնէր։
Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց, որ Հայաստանի կողմէ պաշտօնապէս շփում չէ մշակուած Պատրիարքարանի հետ։ «Աւելին, Նիկոլ Փաշինեան ունէր արտասահմանեան հիւրի մը կարգավիճակը Թուրքիոյ մէջ եւ Թուրքիայէն ալ պաշտօնապէս որեւէ պահանջ չներկայացուեցաւ Պատրիարքական Աթոռին. բան մը, որ եղած է այլ զանազան առիթներով։
Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ Պատրիարքական Աթոռի դիրքորոշումը համահունչ է Հայ Եկեղեցւոյ ամբողջ նուիրապետութեան դիրքորոշման։ Իր խօսքով՝ այժմ Հայաստանի հորիզոնը մշուշոտ է եւ իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապի պարագային եթէ կողմերը չեն յաջողիր հաշտուիլ, ապա գոնէ պէտք է փորձեն լռել։