ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՆՈՒԻՐՈՒԵՑԱՒ «İSTANBUL ERMENİLERİ VE PATRİKLERİ» ԳԻՐՔԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սիրվարդ Մալխասեանն ու Սարվէն Տանէն, որոնք իրեն նուիրեցին «İstanbul Ermenileri Ve Patrikleri» անուն գիրքը։ Սիրվարդ Մալխասեանի կողմէ թրքերէնի թարգմանուած գործ մըն է այս մէկը, որու հրատարակութեան պատրաստութիւններուն մէջ դեր ստանձնած է նաեւ Մարալ Աքթոքմաքեան։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք այս ծրագիրը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ դեր ստանձնած էին։

Գումգաբուի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ այս գիրքը Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան մասին գիտական ոճով պատրաստուած, թրքերէնով առաջին գործը կը հանդիսանայ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2025