ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ եզակի հաւաքոյթի մը առթիւ։ Այսպէս, թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքը տօնական տրամադրութեան մէջ համախմբեց զանազան սերունդներէ սաներ։ Ատենապետ Մանուկ Էօղէրի գլխաւորած Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան ջանքերով կազմակերպուած այս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ մանաւանդ մասնակիցներու ոգեւոր ապրումներով։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Գարէն Թէրզեանի բացման խօսքով։ Ելոյթներ ունեցան դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Փալաքօղլու, տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարպիս Շիմշէք։
Դպրոցի շարք մը նախկին հիմնադրի ներկայացուցիչներ, տնօրէնուհիներ եւ փոխ-տնօրէններ ստացան յուշանուէրներ։ Յոբելեար շրջանաւարտներն ալ անմասն չմնացին ստեղծուած ոգեւորութենէն։ Բոլորը առանձնայատուկ վերաբերմունքի առարկայ դարձուցին երիցագոյն շրջանաւարտ Գալուստ Չերքեզօղլուն, կրտսերագոյն շրջանաւարտ Նաիրա Այտընը եւ դպրոցի այժմու փոքրագոյն սանը՝ Նաիրի Քըյմազը։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ բոլորին համար բացառիկ վայելք եղան Սիլվա Կոմիկեանի ասմունքները։ Երաժշտական բաժնին մէջ դպրոցի աշակերտները արժանացան ծափահարութիւններու՝ մինչ եզրափակիչ փուլին մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի կատարումները եղան ծրագրի թագն ու պսակը։