ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երէկ, Սկիւտարի բարձունքին տեղի ունեցաւ փառատօն մը, որ համախմբեց մեր համայնքի զանազան սերունդներէ բազմահարիւր ներկայացուցիչները։ Միջմիութենական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ծրագիրը կոչուած էր «Միասնութեան փառատօն», որու պատուոյ հիւրը եղաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Գալֆաեան տան ննջարանի համալիրի ընդարձակ պարտէզին մէջ, պոլսոհայ սանուց միութիւններու ջանքերով, շարք մը թաղային խորհուրդներու եւ անհատ բարերարներու խրախուսանքով, նաեւ Սկիւտարի եւ Գարթալի քաղաքապետութիւններու օժանդակութեամբ իրականացուած մեծ տօնախմբութիւն մըն էր այս մէկը, որու մասնակիցները անմոռանալի ապրումներ ունեցան։

Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանի գլխաւորած միջմիութենական յանձնախումբն ու կարգադիր կազմը բծախնդիր նախապատրաստական աշխատանք տարած էին, որպէսզի ձեռնարկը պսակուի յաջողութեամբ։ Ուրախառիթ էր, որ անոնց աշխատանքը արդարացաւ թէ՛ մասնակցութեան եւ թէ ստեղծուած միջավայրին տեսակէտէ։

Ընդարձակ պարտէզին մէջ մասնակիցները խումբ առ խումբ տաղաւարներուն շուրջ համախմբուեցան՝ անմիջական զրոյցի պայմաններով։ Բոլոր տարիքային դասաւորումներու ուղղեալ հաճելի ժամանցի նախադրեալներ ստեղծուած էին։ Այդ բոլորը այնքան լաւ արդիւնք տուաւ, որ ներկաները բառին բուն իմաստով զիրար վայելեցին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեսակէտէ ալ ուրախառիթ էր՝ իր հօտի անդամներուն կողմէ շրջապատուիլ նման բարձր տրամադրութեան միջավայրի մը մէջ։

Ճոխ յայտագրին մէջ առանձին բաժին վերապահուած էր հայկական երգին ու պարին։ Բացի համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանէն, ներկաները ունկնդրեցին Մարազ Այվազը, Մարալ Աթամանը, Ալէն Ցնծալը, Արի Հալաճեանը եւ Ռաֆֆի Ներժանը։ Յակոբ Արի Կիւլէչն ալ առիթ ընձեռեց, որպէսզի մասնակիցները ներշնչուին հայկական պարերով։

Փառատօնը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ երեկոյ, արձակման պահուն՝ մանաւանդ օրուայ վառ տպաւորութիւններուն ներքեւ, բոլորի մաղթանքն էր, որ սա վերածուի աւանդութեան մը։ 

Միւս կողմէ, այս փառատօնէն առաջ, երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագիչն էր Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025