Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Պատրիարքական Աթոռը Մեծ պահոց նուիրական շրջանին անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ գաւառի հայութիւնը։ Վերջին օրերուն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Պատիրարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան այցելեցին Տիարպաքըր, ուր իրենց միացաւ նաեւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան առթիւ, Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, որ օրուան պատգամին մէջ կանգ առաւ պահքի իմաստին ու կարեւորութեան վրայ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Ս. Մկրտութիւն։
Ատենապետ Էրկիւն Այըքի կողմէ գլխաւորուած ծխական խորհուրդը սարքեց նաեւ պահքի սիրոյ սեղան մը։
Մինչ այդ, ծխական խորհուրդի անդամներն ու հոգեւոր հայրերը խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցան Տիարպաքըրի խոնարհուած Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերականգնման գործընթացին շուրջ։ Ծանօթ է, որ այս եկեղեցւոյ վերանորոգման համար պետութեան կողմէ տրամադրուած են միջոցներ, բայց եւ այնպէս, ծրագիրը ի կատար ածելու համար անհրաժեշտ են յաւելեալ յատկացումներ։
Տիարպաքըրէն վերջ, երէկ, Էլազըղի գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Իր կարգին, Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանն ալ ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հայրական ողջոյնները։