ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ խորհրդանշական ու յուզումնախառն առիթով մը։ Այսպէս, «Մարալ»ի բարեյիշատակ հիմնադիր ողբացեալ Պենոն Գուզուպաշ ոգեկոչուեցաւ մահուան 40-րդ տարելիցին առթիւ։

Երէկ առաւօտ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի հանդիսապետութեամբ եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ հոգեհանգստեան կարգ տեղի ունեցաւ լուսահոգի Պենոն Գուզուպաշի համար։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Թադէոս Քարափեքմէզի։ Նկատի ունենալով, որ Պենոն Գուզուպաշի մահուան 40-րդ տարելիցը եւ համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակը գրեթէ կը համընկնին՝ հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին երախտագիտութեամբ վերյիշուեցան նաեւ «Մարալ»ի բոլոր նուիրեալները։

Յետմիջօրէին հոգեհանգստեան պաշտօն մըն ալ կատարուեցաւ հոգելոյս Պենոն Գուզուպաշի Շիշլիի գերեզմանատան շիրիմին վրայ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 7, 2025