ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ գումարուած Պատկառելի Կրօնական ժողովը 7 փետրուար 2025 թուականի նիստին նկատի ունեցաւ İtimat Bürosu-ի մասին վերջերս համացանցի վրայ տեղ գտած՝ Տիար Կարօ Գաբրիէլեանի պնդումները եւ ընդառաջեց Արժ. Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեանի գրաւոր դիմումին, որով կը խնդրուէր նիւթին քննարկումը։
Ժողովական հայրերը որոշեցին կազմել խառն յանձնախումբ մը, որուն պիտի անդամակցին Պատկառելի Կրօնական ժողովի, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական խորհուրդի եւ ERVAB-ի Տնտեսական խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Սոյն յանձնախումբը 11 փետրուար 2025, երեքշաբթի, ժամը 17.00-ին ժողովի կը հրաւիրէ Տիար Կարօ Գաբրիէլեանը, որպէսզի գայ ու ներկայացնէ իր ամբաստանութեան համապատասխան պնդումները՝ իր հետ ունենալով առընչակից ապացոյցները։
Ժողովական հայրերը նաեւ կոչ կ՚ուղղեն համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ անհատներու, որպէսզի իրենց գանգատները կամ պնդումները ներկայացնեն՝ ի ձեռին ունենալով փաստաթուղթեր։
Ժողովը պիտի քննարկէ զանազան յայտարարութեանց եւ ամբաստանութեանց ճշգրտութիւնը։
ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
7 փետրուար 2025
15020