Հինգշաբթի 17, Ապրիլ 2025
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԱՒԵՏՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Մարիամ Աստուածածնի Աւետման տօնը։ Քաղաքիս զանազան եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան Ս. Պատարագներ՝ ներառեալ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մատուռը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արարողութիւններուն նախագահեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան, զոր օրհնեց Նորին Ամենապատուութիւնը։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025