ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Շիշլի մարզակումբը ճատրակի մրցաշարք մը կազմակերպած է ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Այս նախաձեռնութեան գծով մարզակումբին հետ համագործակցած է Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ վաղը, Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Ծրագիրը պիտի տեւէ ամբողջ օր մը։ Մրցաշարքին 32 մարզիչ մասնակցութիւն պիտի բերէ եւ հինգ փուլերով պիտի ընթանան խաղարկութիւնները։ Աւարտին, առաջին երեք հորիզոնականները զբաղեցուցած մարզիկներուն պիտի տրուին բաժակներ։ Կազմակերպիչները կը տեղեկացնեն, որ մրցաշարքի մասնակցութեան համար որեւէ տարիքային սահմանափակում գոյութիւն չունի։

Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025