Կիրակի 10, Օգոստոս 2025
ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Կղզիի բարձունքին ամրան շրջանին կը շարունակուին գեղարուեստական գործունէութիւնները։ Երէկ երեկոյեան հերթական ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան նախագահեց «Թամարի ճակատագիրը» խորագրեալ ներկայացման, որ գեղարուեստասէրներու ուշադրութեան արժանացաւ։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր կողքին էր Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։ Երեկոյթի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հանդէս եկաւ հուսկ բանքով մը։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւի երեկոյթէն դրուագ մը։ (Լուսանկարը՝ կղզիէն)
Շաբաթ, Օգոստոս 9, 2025