ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
2025-2026 կրթական շրջանը արդէն աստիճանաբար կը սկսի։ Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, աշնանամուտը կը բնորոշէ նաեւ վերամուտը։ Այսօր Հայաստանի մէջ կը վերաբացուին դպրոցները՝ մինչ 1 սեպտեմբերը կը նշուի՝ որպէս Գիտելիքի, գրի եւ դպրութեան օր։ Մեր համայնքային վարժարաններէն ներս ալ առաջին զանգը հնչելու վրայ է։ Վերամուտի առթիւ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հրապարակած է պատգամ մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուուական համակարգին կողմէ հրապարակուած պատգամը նոյնութեամբ։
*
Գիտելիքի, գրի եւ դպրութեան օրուան առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական մեր օրհնութիւնը կը բերենք եւ կը շնորհաւորենք աշակերտները, ուսանողները եւ կրթութեան գործի մշակները։
Իմացութեան շնորհը եւ գիտելիքներու ընկալունակութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւներ են, բարիք կը ստեղծեն, երբ մարդկային կեանքը կը խարսխուի առ Աստուած հաւատի եւ տէրունաւանդ պատգամներու վրայ։ Սուրբ Գիրքը կ՚ուսուցանէ. «Ճանաչել իմաստութիւնն ու խրատը, իմանալ հանճարի խօսքերը։ … Եւ երբ իմասութիւնը մտնէ սրտիդ մէջ եւ գիտութիւնը ախորժելի ըլլայ հոգիիդ, այն ժամանակ բարի խոհերը պիտի զգուշացնեն քեզ եւ արդար մտքերը քեզ պիտի պահպանեն, որպէսզի փրկութիւն գտնես…» (Առակ. 1.2, 2. 10-12)։
Այս գիտակցութեամբ ապրած է մեր ժողովուրդը՝ գիտելիքի նկատմամբ իր հոգիին մէջ անխախտ սէրը, որով եւ դարերու հոլովոյթին մէջ յաղթահարուած են ժամանակի փորձութիւնները, ստեղծուած է հոգեմտաւոր եւ հարուստ ժառանգութիւնը։
Սիրելի աշակերտներ եւ ուսանողներ, այսօր ձեզի համար կը սկսի եռանդուն աշխատանքի, գիտելիքներու իւրացման եւ արժէքներու ճանաչման, հոգեւոր եւ մտաւոր հասունացման եւս մէկ շրջան։
Հայրական մեր պատգամն է ձեզի, որպէսզի ջանասիրութեամբ հետեւիք ուսումնառութեան ձեր ընթացքին, զօրանաք առ Աստուած եւ առ հայրենին սիրոյ մէջ, որպէսզի կարող ըլլաք ամբարած ձեր գիտելիքները ազգային բարձր գիտակցութեամբ ծառայեցնել մեր ժողովուրդի բարօրութեանն ու յառաջընթացին։
Ուժ եւ եռանդ կը մաղթենք մանկավարժներուն՝ իրենց սաները առաջնորդելու դէպի գիտութեան ու ճշմարտութեան հրաշալի աշխարհ, կրթելու զանոնք Սահակ-Մեսրոպեան ոգիով, որպէսզի հասակ առնեն՝ որպէս մեր ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներ եւ մեր պետութեան պատասխանատու քաղաքացիներ։
Մեր աղօթքն է, որ Բարին Աստուած խաղաղ պահէ հայրենի մեր երկիրն ու ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի։ Թող Տէրը շնորհներով հոգիի պայծառութիւն եւ ուշիմ միտք պարգեւէ մեր բոլոր զաւակներուն եւ առատօրէն օրհնէ ուսման եւ կրթութեան գործի նուիրեալներու ջանքերը։
Բարի, օրհնեալ ուսումնական նոր տարի։
*
Երէկ, 2025-2026 կրթական շրջանի ընդառաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Միածնաէջ Սուրբ Տաճարին մէջ պատարագիչն էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Վեհափառ Հայրապետը խորան բարձրացաւ՝ շրջապատուած բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ։ Կրթութեան մշակներու հանդիսաւոր օրհնութեան կարգի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.
«Հայոց Եկեղեցին հոգեփրկչական առաքելութեան զուգահեռ՝ նպաստած է իր զաւակներու հոգեմտաւոր զարգացման՝ ապահովելով հաւատի, գիտութեան եւ գիտելիքի ներդաշնակութիւնը։ Մերօրեայ բազմաբեւեռ եւ բազմամշակոյթ աշխարհին մէջ, ուր կը վերանան սահմաններն ու բաժանարար գիծերը, առաւել կը կարեւորուի ժամանակին համահունչ կրթութիւնը, անհատի ճիշդ եւ առողջ աշխարհահայեացքի եւ կայուն արժեհամակարգի ձեւաւորումը, որպէսզի անձը պաշտպանուած ըլլայ անցանկալի ներգործութիւններէ։ Գիտութեան եւ թեքնոլոժիներու սրընթաց զարգացման հետ միասին մարդը այսօր կ՚ապրի արժէքբանական լուրջ ճգնաժամ, յաճախ կը յայտնուի իր ինքնութիւնը վտանգող սպառնալիքներու առջեւ։ Նմանօրինակ վտանգներու ազդեցութիւններէն զերծ չէ նաեւ մեր ժողովուրդը թէ՛ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Սպառողական մտայնութիւնը փորձութիւններու դուռ կը բանայ նաեւ մեր զաւակներուն համար, երբ իրական արժէքները կը փոխարինուին կեղծ գաղափարախօսութիւններով, երջանկութիւնն ու խաղաղութիւնը չափելի կը դառնան սոսկ շօշափելի, նիւթական ապահովուածութեամբ»։
Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը կրթութեան մշակներուն յորդորեց հաւատարիմ մնալ իրենց ասպարէզէն ներս արժէքաւոր աւանդներուն, արդի գիտութեան ձեռքբերումներու հետ հայորդիներուն մէջ սերմանել հունտերը հաւատքի, հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան, ինչպէս նաեւ պաշտպանել մատաղ սերունդը խորթ բարքերէ ու գործանարար գաղափարախօսութիւններէ, կրթել զայն բարոյական արժէքներով, որպէս արդարութեան եւ ճշմարտութեան պաշտպան, օրինահարկ անհատներ։