ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ
Երէկ, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց քահանաներու տօնի աւանդական արարողութիւններուն, որոնց ներկայ գտնուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները։ Սուրբ Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Տ. Զօհրապ Աւագ Քահանայ Ճիվանեանի։ Արարողութեան ընթացքին Եղիշէ պատմիչի գիրքէն Ղեւոնդ երէցի ճառը ընթերցեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան, որ տօնական Ս. Պատարագի ընթացքին խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք շնորհեց պատարագիչ տէր հօր։ Վերջին շրջանին ձեռնադրուած երեք նոր քահանայ հայրերուն ալ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհեց լանջախաչեր։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ հոգեւորականաց դասու անդամները, որոնց համախմբումը անցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին վրայ առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնեն Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց տօները, որոնք հաւատքի գիտակցութեան ամրապնդման եւ այդ առումով հոգեւորականաց դասուն վիճակած ծանր պատասխանատուութեան տեսակէտէ ամէն տարի առիթ կը հանդիսանան յիշողութեան թարմացման։
