ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց հեղինակաւոր իրաւաբան Ռոպերթ Ամսթերտամը, որ միջազգային հարթութեան վրայ ոլորտի հեղինակութիւններու շարքին կը դասուի։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան բանտարկեալ եպիսկոպոսներու եւ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի դէմ ընթացող իրաւական գործընթացները։ Զրուցակիցները անդրադարձան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրներուն՝ կարեւորելով արդարութեան եւ օրինականութեան պահպանման հրամայականը։ 

Ռոպերթ Ամսթերտամ միջոցէ մը ի վեր միջազգային հարթութեան վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան եւ անոր սուր դրսեւորումներուն վրայ, որոնց հետեւանքով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բնականոն կեանքը հունէն դուրս կու գայ։

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնական հարցերով խորհրդական Ժան-Քրիստոֆ Փոսելն ալ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026