«ԹՈՂ ԱՄԷՆ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՄԷՋ ԳԵՐԱԿՇՌԵՆ ՀԱՒԱՏՔԸ, ՍԷՐԸ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»
Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,
Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ իմ շնորհաւորութիւններս ու ջերմ ողջիւններս կը փոխանցեմ ձեզի։
Այսօր, երբ մեր սրտերուն մէջ կրկին կը վառի Ս. Վարդանանց նահատակներուն անմար ճրագը, իրենց օրինակով կը հրաւիրուինք աւելի խորը գնահատելու մեր սուրբ հաւատքը, հայրենի մշակոյթը եւ ազգային ինքնութիւնը։ Ս. Վարդանանց տօնը միայն պատմական յիշատակ մը չէ, այլեւ կենդանի ներշնչում՝ իր ճշմարիտ իմաստով. հաւատքի հանդէպ անսասան նուիրում, միասնութեան ոգի եւ զոհողութեան պատրաստակամութիւն յանուն բարձր արժէքներու։
Մեր նախահայրերուն նման՝ մենք ալ այսօր կանգնած ենք նոր մարտահրաւէրներու դիմաց։ Մեր շրջապատը յաճախ կը փորձէ տկարացնել մեր հոգեւոր հիմքերը, լռեցնել մեր պատմական յիշողութիւնը եւ մթագնել մեր ապագայի հաւատքը։ Բայց Վարդանանցի պատգամը պարզ եւ հզօր է. ժողովուրդ մը, որ գիտէ հաւատարիմ մնալ իր հաւատքին եւ ազգային արժէքներուն, չի կորսնցներ իր ուղին։
Հո՛գեպէս ուրախ եմ տեսնելու, որ այս տօնակատարութիւնը դարձած է առիթ՝ յատկապէս մեր երիտասարդներուն համար, աւելի խոր ճանաչելու մեր սուրբ եկեղեցւոյ աւանդութիւնը, մեր սուրբերու կեանքը, մեր գրական ու մշակութային կոթողները։ Ամէն անգամ, երբ մեր երեխաներու եւ երիտասարդներու շուրթերէն կը հնչեն աղօթք, երգ, բանաստեղծութիւն կամ պատմական յիշատակ, կը վերակենդանանայ այն կոչումը, զոր կը կրենք՝ իբրեւ հայ-քրիստոնեայ ժողովուրդ։
Կը քաջալերեմ ձեզ, սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ, որպէսզի Վարդանանցի ոգին չմնայ միայն այսօրուան տօնախմբութեան մէջ, այլեւ շարունակէ առաջնորդել ձեզ ձեր առօրեայ կեանքին մէջ՝ ձեր տուներուն, դպրոցներուն, աշխատանքին եւ համայնքային ծառայութեան արտայայտութիւններուն մէջ։ Թող ամէն հայ ընտանիքի մէջ հաւատքը, սէրը եւ արդարութիւնը միշտ գերակշռեն՝ վախուն, յուսահատութեան եւ անտարբերութեան։
Կ՚աղօթեմ ու կը հայցեմ, որ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս, Վարդանանց սուրբ նահատակներու բարեխօսութեամբ, պահէ եւ պաշտպանէ մեր սփռուած ժողովուրդը, զօրացնէ մեր հայրենիքին սահմանները, մխիթարէ սուգ եւ ցաւ կրող բոլոր ընտանիքները եւ լեցնէ ձեր սրտերը խաղաղութեամբ, յոյսով եւ վերածնունդի ոգիով։