ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Հանդիսադիր հայր սուրբը արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Հուսկ, հաւատացեալները արձակուեցան խաչահանգիստէն վերջ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025