ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը արձագանգեց Ատրպէյճանի կողմէ Հռոմի մէջ կազմակերպուած, հակահայ ուղղուածութեան ձեռնարկին։ Երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հրապարակեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի յայտարարութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Սոյն թուականի ապրիլի 10-ին, Հռոմի Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանէն ներս, Սուրբ Աթոռի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութեան եւ այդ երկրի կարգ մը կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ. պատմութիւնը եւ արդի ժամանակներ» վերտառութեամբ միջոցառում մը՝ զանազան երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Միջոցառման ընթացքին ատրպէյճանական քարոզչամեքենայի նախաձեռնութեամբ հերթական անգամ փորձուած է ժխտել Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան հայկական պատկանելիութիւնը, խեղաթիւրելու պատմական իրողութիւնները՝ զանոնք յետագային իւրացնելու չարամիտ նպատակով։

Այս ամէնը տեղի կ՚ունենայ, երբ տակաւին միջազգային հանրութեան կողմէ պատշաճ գնահատականներ չեն տրուած Ատրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպան գործողութիւններուն, Արցախէն բռնի տեղահանուած ամբողջ հայութեան հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման, Պաքուի բանտերուն պահուած հայ ռազմագերիներու դէմ ապօրինի ու նուազդացուցիչ գործողութիւններուն։ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ հայկական հետքերու ի սպառ ոչնչացման դէպքերուն։

Կը ցաւինք, որ Կաթոլիկ բարձրագոյն կրթական հաստատութեան յարկէն ներս թոյլատրուած է կազմակերպել նման հակագիտական միջոցառում մը։

Այս առընչութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը միջեկեղեցական հաղորդակցութեան ընկալեալ շրջանակներէն ներս պիտի նախաձեռնէ անհրաժեշտ քայլերու։

Շաբաթ, Ապրիլ 12, 2025