ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութիւնը եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուած սիրոյ սեղանին ալ նախագահեց։ Ատենապետ Մինաս Մեծատուրի գլխաւորած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց ներկաները։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025