Չորեքշաբթի 12, Նոյեմբեր 2025
ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿՈՂՄԷ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Անկլիքան եկեղեցիէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը՝ Եորքի Արքեպիսկոպոս եւ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսի տեղապահ Տ. Սթիվըն Քոթրըլ այս օրերուն կ՚այցելէ Սուրբ Երկիր, ուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երուսաղէմի քրիստոնեայ հոգեւոր կեդրոններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին շօշափուեցան զանազան հարցեր. օրինակ՝ Սուրբ Երկրի եւ ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն բաժին հասած դժուարութիւնները եւ քրիոտոնեայ արեւելքի կացութիւնը։ Յանուն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան՝ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան եւ աւագ թարգման Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2025