ՈՐԴԻՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

Մեղքը այն մեծ արգելքն է, որ մարդուն թոյլ չի՛ տար, որպէսզի կարենայ Աստուծոյ հետ բնական յարաբերութիւն ունենալ: Աւելին, մեղքը այն արգելքն է, որ մարդուն մէջ կը խամրեցնէ որդիութեան զգացումը: Տակաւին, մեղքը այն արգելքն է, որով մարդ կը կորսնցնէ ինքնավստահութիւնը, կ՚անգիտանայ իր մարդ կոչումին եւ ինքզինք կը զրկէ աստուածային բիւր բիւրաւոր օրհնութիւններէն ու պարգեւներէն:

Մարդ արարածը մեղքի կեանքին մէջ յայտնուելով կամաց-կամաց իր խղճմտանքը մահացութեան կ՚ենթարկէ, իր գիտակցութիւնը կը մթագնէ եւ իր կամեցողութիւնը կը թուլացնէ, որով շատ յաճախ ինք իր արարքներուն պատասխանատուութիւնը չի՛ զգար, աւելին՝ չի՛ գիտակցիր իր գործած արարքներուն: Անդին, մեղքը մարդուն մնայուն կերպով այն հոգեվիճակին մէջ կը ձգէ, որ ինք այլեւս անտեսուած է Աստուծմէ, թէ այլեւս ի՛նչ ալ ընէ, Աստուած պիտի չներէ եւ պիտի չընդունի զինք այլեւս ու այսպիսով, փոխանակ կանգնելու եւ զղջալու իր գործած մեղքերուն համար, կը շարունակէ մեղանչել, ա՛լ աւելիով կը մխրճուի մեղքերու տիղմին մէջ, օր օրի աւելի ծանրացնելով իր վիճակը: 

Այս մտայնութիւնը չարէն է: Յիշենք, Աստուծոյ մեզի ըսածը. «Լուացուցեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, աչքիս առջեւ ձեր չար գործերը թօթափեցէ՛ք դուք ձեզմէ, վե՛րջ տուէք ձեր չարագործութիւններուն: Բարի՛ք գործել սորվեցէք, արդարութի՛ւն փնտռեցէք, զրկուածին փրկեցէ՛ք, որբին հանդէպ արդարադատ եղէ՛ք, այրիին իրաւունքը տուէ՛ք: Եկէ՛ք խօսինք իրար հետ,- կ՚ըսէ Տէրը,- եթէ ձեր մեղքերը արեան պէս կարմիր ըլլան, ապա Ես ձիւնի պէս ճերմակ կը դարձնեմ, եթէ որդան կարմիր ըլլան, ինչպէս բուրդ կը ճերմկցնեմ: Իսկ եթէ յօժարիք եւ լսէք զիս, դուք երկրի բարիքները կը ճաշակէք, իսկ եթէ չկամենաք լսել զիս, սո՛ւրը պիտի ուտէ ձեզ, որովհետեւ Տիրոջ շուրթերը ըսին այս» (Ես 1.16-20): Մեր Հայրը՝ Աստուած, պարզ եւ յստակ ձեւով կ՚ըսէ մեզի, որ եթէ դառնանք մեր չար ճամբաներէն, դադրինք չարիք՝ մեղք եւ անօրէնութիւն գործելէ եւ բարիք ընել սորվինք, արդարութիւնը փնտռենք, զրկուածներուն օգնական ըլլանք, որբերուն եւ այրիներուն հոգ տանինք, ապա ինչքան ալ մեր մեղքեր շատ ու կարմիր ըլլան, ապա մեր Հայրը այդ բոլորը պիտի ջնջէ եւ պիտի մաքրէ մեզ մեր կեղտոտութենէն:

Սուրբ Մովսէս Սեւը այս մասին կը գրէ. «Անցեալին գործած մեղքերուդ շատութենէն ու տգեղութենէն մի՛ ամչնար, այլ որդիութեան վստահութեամբ դէպի Իրեն գնա՛, որով բոլոր մեղքերդ կը սրբէ եւ քեզ նախկին վիճակիդ կը վերադարձնէ»: Հետեւաբար, թոյլ չտանք չարին, որ խաբելով մեզ՝ հեռացնէ Աստուծմէ, այլ ինչքան ալ ծանրաբեռնուած ըլլանք մեղքերով, մաքսաւորին նման համարձակութիւն գտնենք մեր գլուխները խոնարհեցնելու եւ Աստուծմէ ներում խնդրելու, վստահ ըլլալով որ արդարացած ու ճերմկցած պիտի վերադառնանք մեր տուները (տե՛ս Ղկ 18.10-14):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025