ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր մուտք գործեց Մեծ պահքի շրջան: Շրջան մը, որու ընթացքին քրիստոնեայ հաւատացեալը առիթ պիտի ունենայ ինքնաքննութեան միջոցով ինքզինք մաքրել, թարմացնել, գտնել ու հասկնալ իր սխալներն ու մեղքերը, փորձել սրբագրել զանոնք: Շրջան մը, որու ընթացքին քրիստոնեայ հաւատացեալը առիթ պիտի ունենայ իր նմանին հետ յարաբերութիւնները ուղղելու, բարւոքելու՝ անոր մէջ տեսնելով Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը: Ի վերջոյ շրջան մը, որու ընթացքին քրիստոնեայ հաւատացեալը առիթ պիտի ունենայ քայլ մը աւելի մօտենալու իր Արարիչին՝ Աստուծոյ, այդպիսով քայլ մը աւելի կատարելով դէպի իր փրկութիւնը:
Մեծ պահքի շրջանը լեցուն է մարտահրաւէրներով, որոնք գլխաւոր երկու ուղղութիւններ ունի՝ Աստուած եւ մարդ: Այդ մարտահրաւէրներուն գլխաւոր կէտերը կը գտնենք Եսայի մարգարէութեան առաջին գլուխին մէջ, ուր կը կարդանք. «Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, աչքիս առջեւ ձեր չար արարքները թօթափեցէ՛ք ձեզմէ, վե՛րջ տուէք ձեր չարագործութիւններուն: Սորվեցէք բարի՛ք գործել, արդարութի՛ւն փնտռեցէք, փրկեցէ՛ք զրկուածը, արդարադա՛տ եղէք որբին հանդէպ, իրաւո՛ւնք տուէք այրիին: Եկէ՛ք իրարու հետ խօսինք, -կ՚ըսէ Տէրը.- Եթէ ձեր մեղքերը արեան պէս կարմիր են, ապա ես ձիւնի պէս ճերմակ կը դարձնեմ, եթէ որդան կարմիր ըլլան, կը ճերմկցնեմ ինչպէս բուրդ: Եւ եթէ համաձայն ըլլաք ու լսէք զիս, դուք կը ճաշակէք երկրի բարիքները. իսկ եթէ չկամենաք լսել զիս, սո՛ւրը պիտի ուտէ ձեզ, որովհետեւ տիրոջ շրթունքները ըսին այս» (Ես 1.16-20):
Այս մի քանի տողերուն մէջ արձանագրուած կը գտնենք այն գլխաւոր մարտահրաւէրները, զորս մարդ եթէ փորձէ իրագործել Մեծ պահքի ընթացքին, ապա լուացուած ու մաքրուած կը ներկայանայ Յարուցեալ Տէրը դիմաւորելու եւ Անոր հետ սեղան նստելու: Եթէ մարդ գործադրէ այս մարտահրաւէրները, ապա իր շուրջը սէր եւ համերաշխութիւն կը տարածէ, որովհետեւ սիրոյ եւ համերաշխութեան սերմերն են՝ բարեգործութիւնը, արդարութիւն փնտռելը, զրկուածին փրկելն ու օգնելը, որբին եւ այրիին իրաւունքը պահելն ու զօրավիգ ըլլալը անոնց: Անդին, երբ քրիստոնեայ հաւատացեալը այս մարտահրաւէրները գործադրելու որոշում կայացնէ, ապա իր մեղքերը՝ ինչքա՛ն ալ ծանր ու կարմիր ըլլան, նոյնիսկ որդան կարմիր, ապա Ամենողորմն Աստուած այդ բոլորը պիտի ճերմկցնէ, նոր էջ մը բանալով մեր կեանքին մէջ:
Մեծ պահքի առաջին օրը, հետեւաբար, որոշում կայացնենք եւ փորձեքն վերոնշեալ մարտահրաւէրները կեանքի կոչել ու գործադրել զանոնք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
13 փետրուար 2026, Վաղարշապատ