«ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՎ ԵՒ ԲՌՆԱՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՎ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է ԸՆԿՃԵԼ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐՆ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ»
Մինչ Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը մտահոգիչ թափով կը խորանայ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ միշտ յորդորելով սադրանքներու տեղի չտալ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իսկապէս աննախընթաց կացութիւն մը կը դիմագրաւէ եւ հանգամանքներու ծանրութիւնը կը բազմապատկուի, որովհետեւ սա տեղի կ՚ունենայ հայոց անկախ պետականութեան օրով։ Երէկ հոգեւորականներու ձերբակալման նոր ալիքը ցնցեց համայն աշխարհի հայութիւնը։ Դատական իշխանութիւնները արդէն բանտարկած են Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեանը։ Այսպէսով, ներկայ դրութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ երեք սրբազան յայտնուած կ՚ըլլայ երկաթեայ ճաղերու ետին։ Բաց աստի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն Սամուէլ Կարապետեանի բանտարկութեան ժամկէտն ալ երէկ երկարաձգուեցաւ եւս 30 օրով։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հրապարակեց պաշտօնական յայտարարութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Սոյն թուականի հոկտեմբերի 15-ի լուսադէմին իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչներ Արագածոտնի թեմի Յովհաննավանքի սպասաւոր Տ. Արամ Քհնյ. Ասատրեանի հրապարակած ստայօդ տեղեկութիւններու եւ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Դանիէլ Իոաննիսեանի հաղորդման վրայ խուզարկութիւններ իրականացուցած են Արագածոտնի թեմի առաջնորդարանէն ներս, թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեանի եւ Արագածոտնի թեմի քահանաներու ու աշխատակիցներու բնակարաններուն մէջ։
Այս պահուն յայտնի տեղեկութիւններով բերման ենթարկուած են Արագածոտնի թեմի առաջնորդը, թեմի 12 քահանաներ՝ Արժ. Տ. Փառէն Քհնյ. Առաքելեանը, Արժ. Տ. Հայկ Քհնյ. Քոչարեանը, Արժ. Տ. Մկրտիչ Քհնյ. Երանեանը, Արժ. Տ. Մանուկ Քհնյ. Զէյնալեանը, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Գաբոյեանը, Արժ. Տ. Հայկ Քհնյ. Սահակեանը, Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Սարգսեանը, Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Արսէնեանը, Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Սարգսեանը, Արժ. Տ. Օշին Քհնյ. Հայրապետեանը, Արժ. Տ. Վրթանէս Քհնյ. Բաղալեանը, Արժ. Տ. Համբարձում Քհնյ. Դանիէլեանը, Արագածոտնի թեմի հաշուապահը, գանձապահը եւ գործավարը։
Օրէնքի կոպտագոյն ոտնահարմամբ ժամեր շարունակ ծածուկ պահուած է Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեանի, Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Սարգսեանի, Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Սարգսեանի, Արժ. Տ. Օշին Քհնյ. Հայրապետեանի, Արժ. Տ. Համբարձում Քհնյ. Դանիէլեանի, Արժ. Տ. Վրթանէս Քհնյ. Բաղալեանի պահման վայրը եւ անոնք զրկուած եղած են իրաւական աջակցութիւն ստանալու որեւէ հնարաւորութենէ։
Արագածոտնի թեմի առաջնորդի, թեմէն ներս ծառայող քահանաներու եւ աշխատակիցներու դէմ իրականացուած ապօրինի քրէական հետապնդման գործողութիւնները հերթական դրսեւորումն են իշխանութիւններու հրահրած հակաեկեղեցական համակարգուած արշաւի։ Նմանօրինակ դատապարտելի գործողութիւններով ակնյայտ չարամիտ դիտաւորութիւն կը հետապնդուի խափանելու եկեղեցւոյ բնականոն գործունէութիւնը, հարուածելու եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը եւ վախի ու տագնապի մթնոլորտ տարածելու հոգեւորականներու, հաւատացեալներու ու հանրութեան լայն շրջանակներէն ներս։ Հակաօրինական այս գործողութիւններուն պատճառով խոչընդոտուած է թեմի գործունէութիւնն ու ծիսա-արարողութեան կեանքը, խաթարուած հոգեւոր հովիւներու ծառայութիւնը։
Ամբողջատիրական համակարգերու բնորոշ նմանօրինակ բռնաճնշումներու կիրառմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կոպտօրէն կ՚ոտնահարեն կրօնական ազատութեան իրաւունքը։ Կը վիրաւորեն հաւատացեալներու կրօնական զգացումները, կը շարունակեն տարածել ատելութիւն՝ խորացնելու հանրային պառակտումը։
Մեր հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կոչ կ՚ուղղենք չտրուիլ սադրանքներուն, ամուր մնալ եկեղեցւոյ պաշտպանութեան դիրքերուն մէջ։ Խարդաւանանքներով, սպառնալիքներով եւ բռնաճնշումներով հնարաւոր չէ ընկճել հոգեւոր սպասաւորները եւ հաւատաւոր ժողովուրդը։
Կ՚աղօթենք հայրենի մեր երկրի խաղաղութեան եւ մեր ժողովուրդի անվտանգ կեանքի համար։
*
Միւս կողմէ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ հակազդելով հոգեւորականներու ձերբակալման նոր ալիքին դէմ։ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի համատեղ ստորագրութեամբ Նիւ Եորքէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ խոր մտահոգութիւն յայտնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած վերջին ձերբակալութիւններուն կապակցութեամբ։ Սրբազաններու յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է հետեւեալը.
Ձերբակալուածներու շարքին են Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մկրտիչ Եպիսկոպոս Պռոշեանը, ինչպէս նաեւ քանի մը քահանաներ եւ թեմական վարչութեան աշխատակիցներ։
Ձերբակալուած հոգեւորականները ճանչցուած են իրենց նուիրումով, խոնարհութեամբ եւ ժողովուրդին ու Աւետարանին ծառայութեամբ։ Նման վերաբերմունքը վտանգի տակ կը դնէ մեր ազգի բարոյական ու հոգեւոր հիմքերը եւ կը խաթարէ Եկեղեցւոյ սրբազան դերը մեր ազգային կեանքին մէջ։
Մեր կոչը կ՚ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ ապահովելու արդարութիւն, թափանցիկութիւն եւ օրէնքի պատշաճ ընթացք նաեւ յարգելու Հայ Եկեղեցւոյ պատմական անկախութիւնն ու սրբազան առաքելութիւնը։
Այս դժուարին պահուն մենք միասնաբար կը կանգնինք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ի, մեր հոգեւորականութեան եւ բոլոր հաւատացեալներու կողքին՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Կը հրաւիրենք մեր համայնքները միասնական աղօթքի՝ իմաստութեան, խաղաղութեան եւ մեր հայրենիքին մէջ վստահութեան ու միաբանութեան վերականգնման համար։