ԱՄՆ-ԷՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Այսպէս, Ֆիլատելֆիայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Յակոբ Քհնյ. Գէորգեանի գլխաւորութեամբ, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը ստացան այն երիտասարդները, որոնք մասնակցած են թեմի «Հայաստանի ծառայութեան» ծրագրին։
Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց երիտասարդներուն եւ գնահատեց անոնց կամաւոր աշխատանքը։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ ուխտաւոր երիտասարդները ամուր կը պահեն իրենց կապը եկեղեցւոյ հետ՝ գիտակցելով, որ ազգային արժէքներուն հաւատարիմ մնալով՝ կրնան անխաթար պահել իրենց ինքնութիւնը։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ երիտասարդները հոգեւոր նոր լիցքերով եւ ներշնչանքով կը վերադառնան իրենց համայնքները եւ կը շարունակեն ազգանուէր ծառայութիւնը։