ՍՓԻՒՌՔԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, շաբաթավերջին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սփիւռքի առաջնորդները հանդէս եկան յայտարարութեամբ մը։ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի եւ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի բանտարկութեան ժամկէտներու դատական իշխանութեան կողմէ երկարաձգման պայմաններուն ներքեւ թեմակալ առաջնորդները արտայայտեցին հետեւեալ վերաբերմունքը։
*
Մենք՝ սփիւռքի թեմակալ առաջնորդներս ու հայրապետական պատուիրակներս, մեր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք՝ Միքայէլ Արք. Աջապահեանի եւ Բագրատ Արք. Գալստանեանի անազատութեան մէջ մնալուն առնչութեամբ։
Մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ մեր հոգեւոր դասուն համար անսովոր եւ սրտաբեկիչ երեւոյթ մըն է զոյգ բարձրաստիճան հոգեւորականներու շարունակուող կալանաւորումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դատական համակարգին կողմէ:
Մենք կը խորհինք, որ անոնց նկատմամբ կալանքի ձեւով խափանման միջոցի կիրարկումը կրնայ փոխարինուիլ ազատութեան մէջ մնալու այլընտրանքային միջոցներով՝ մինչեւ դատական արդար վճիռի իրականացումը։
Մօտէն ծանօթ ըլլալով մեր երկու հոգեւոր եղբայրներու կեանքի ուղեգծին, անոնց անձնական ու հոգեւոր գործունէութեան եւ կենսանուէր ծառայութեան, ինչպէս նաեւ անոնց հանրային հեղինակութեան՝ մենք վստահութիւն ունինք, թէ ազատութեան մէջ գտնուելով՝ անոնք որեւէ ձեւով պիտի չխոչընդոտեն նախաքննութեան կամ դատաքննութեան ընթացքին։
Մեր սպասումն ու ջերմ փափաքն է, որ երկու արքեպիսկոպոսներու դատավարութիւնները իրականացուին բաց եւ թափանցիկ կերպով, բացառապէս օրէնքի եւ իրաւունքի գերակայութեան հիման վրայ՝ ապահովելով բոլոր կողմերու իրաւունքներու հաւասար պաշտպանութիւնը։
Մենք կը շարունակենք աղօթել մեր հոգեւոր եղբայրներու առողջութեան եւ բարօրութեան համար եւ լիայոյս ենք, թէ օրինական եւ արդար դատավարութեան արդիւնքով անոնք պիտի արդարանան եւ պիտի վերականգնուին իրենց ամբողջական իրաւունքներուն մէջ։
*
Այս օրուան թուականով հրապարակուած վերոյիշեալ յայտարարութեան տակ ստորագրութիւն դրած են հետեւեալները.
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան (Իտալիա), Տ. Յակոբ Արք. Գըլնճեան (Ուրուկուայ), Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան (ԱՄՆ), Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան (Ռուսաստան), Տ. Մովսէս Արք. Մովսիսեան (Ռուսաստան), Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան (Լաթվիա), Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեան (Եգիպտոս), Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան (Սուրիա), Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան (Ուքրայնա), Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան (Մեծն Բրիտանիա), Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան (Ռումանիա), Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեան (Պրազիլ), Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան (Գանատա), Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան (Աւստրալիա), Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան (Գերմանիա), Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան (Աւստրիա), Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան (Իրաք), Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան (ԱՄՆ), Տ. Կիրակոս Եպսկ. Դաւթեան (Վրաստան), Տ. Առէն Եպսկ. Շահէնեան (Արժանթին), Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեան (Ֆրանսա), Տ. Խորէն Եպսկ. Առաքելեան (Յունաստան)։