ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ՓԱՐՈԼԻՆԻ ՀԵՏ ՇՕՇԱՓԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ, արդէն վերադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Մինչ Վեհափառ Հայրապետին եւ Սրբազան Պապի հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ մանրամասնութիւններ հրապարակեց՝ այս ուղեւորութեան ծրագրի միւս երեսակներու մասին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի մէջ հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ Սուրբ Աթոռի այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ՝ ներառեալ զանազան բաժանմունքներու ղեկավարները։ Այս ամբողջին մէջ Վեհափառ Հայրապետի կարեւորագոյն տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար (վարչապետ) կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։ Զրոյցի ընթացքին, ի շարս այլ հարցերու, անդրադարձ կատարուեցաւ աշխարհի զանազան կողմերու հակամարտութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն։ Կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան վերականգնման համար կողմերը կարեւորեցին միջազգային հանրութեան՝ ներառեալ քոյր եկեղեցիներու կողմէ ջանքերը։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին առանձնակիօրէն բարձրաձայնեց նաեւ Արցախի հայրենազրկուած հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան անխաթար պահպանման եւ Ատրպէյճանէն ներս անազատութեան մէջ պահուող ռազմագերիներու եւ պետական այրերու ազատ արձակման վերաբերեալ խնդիրները։
Բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ պատուիրակութեան միւս անդամները։