ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Պատարագիչն էր Տ. Զօհրապ Աւ. Քհնյ. Ճիվանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Պալըքճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սէրթշիմշէք եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը եւ բոլոր ներկաները:

Երկուշաբթի, Յունուար 19, 2026