ՁԵՐԲԱԶԱՏԻՆՔ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵՆԷ
Այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրը գերզբաղ է եւ մնայուն վազքի մէջ է իր գոյութիւնը պահպանելու, իր ընտանքիը պահելու, կարենալ գոյատեւելու ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ: Այս բոլոր դժուարութիւններուն մէջ, սակայն, մարդ միշտ ժամանակ կը գտնէ իր հաճոյքներուն ու զբաղումներուն համար, իր նախասիրած բաներու գոհացում տալու համար, իր նախասիրած բաները կատարելու համար, արձակուրդներու երթալու, ժամանացի վայրեր այցելելու, եւ այլն:
Միակ եւ գլխաւոր Բացական ներկայի մարդու կեանքին մէջ Աստուած Ի՛նք է:
Այսօրուան մարդը ամէն ինչի ժամանակ ունի բացի Աստուծմէ:
Այսօրուան մարդը կրնայ ժամերով տարուիլ իր ձեռքին մէջ եղող հեռախօսով կամ համակարգիչով, բայց տասը վայրկեան, ընդամէնը տասը վայրկեան չի՛ կրնար տրամադրել եկեղեցի մտնելու եւ հանդիպելու իր Երկնաւոր Հօր հետ:
Այսօրուան մարդը իր գերզբաղ վիճակին մէջ կրնայ յարմար առիթ կամ առիթներ գտնել հանդիպելու իր ծանօթներուն, իր մտերիմներուն եւ անոնց հետ լաւ ժամանակ անցընել, բայց կը դժուարանայ կիրակի օրը եկեղեցի երթալու եւ Պատարագի մասնակցելու:
Այսօրուան մարդը իր ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւցնելու համար որեւէ մէկ գիրք կը վերցնէ իր ձեռք կարդալու համար, սակայն, դարձեալ, տասը վայրկեան իսկ չի՛ տրամադրեր Աստուածաշունչը վերցնելու, Աստուածաշունչը բանալու եւ կարդալու զայն, որպէսզի տեսնէ ու լսէ, թէ իր Երկնաւոր Հայրը ի՛նչ կ՚ըսէ իրեն:
Եւ այս բոլոր երեւոյթները միշտ իրենց արդարացումները ունին. արդարացումներ, որոնք պարզապէս կը ծառայեն ինքներս մեզ խաբելու…, որովհետեւ, խորքին մէջ այդ բոլոր զբաղումները մեզի համար վերածուած են մէկական կուռքերու, իսկ մենք վերածուած են կռապաշտներու, որ առանց մտածելու, առանց հասկնալու եւ յաճախ ալ ինքնախաբէութեամբ տառապելով, հլու հնազանդ կ՚ենթարկուինք այդ կուռքերուն եւ կը պաշտենք զանոնք:
Եկէք, սակայն, տեսնենք, թէ մեր այդ ընթացքին հետեւանքը ի՛նչ կրնայ ըլլալ: Մովսէս մարգարէն Իսրայէլի ժողովուրդին խօսելով [իմա՛ մեզի], կ՚ըսէ. «Երկնչի՛ր քու Տէր Աստուծմէդ, միայն զԻ՛նք պաշտէ, Անո՛ր հետեւէ ու Անո՛ր անունով երդուէ: Օտար աստուածներու, ձեր շուրջը գտնուող ժողովուրդներու աստուածներուն ետեւէն մի՛ երթար, որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ, որ ձեր մէջ է, նախանձոտ Աստուած է: Այնպէս չըլլայ, որ քու Տէր Աստուածդ սրտմտելով բարկանայ եւ քեզ վերացնէ երկրի երեսէն» (Բ. Օր 6.13-15):
Ուշադիր ըլլանք հետեւաբար եւ ձերբազատինք մեր կռապաշտութենէն ու վերադառնանք ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագութեան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
19 փետրուար 2026, Վաղարշապատ