ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գուգարաց թեմի հոգեւոր սպասաւորները՝ գլխաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին իր օրհնութիւնը փոխանցեց եկեղեցականներուն՝ քահանայ հայրերուն յորդորելով աներկիւղ եւ հոգեւոր կոչման բարձր գիտակցութեամբ իրենց ծառայութիւնը բերել ազգի զաւակներուն, զանոնք համախումբ պահել եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ։ 

Մարտահրաւէրներով լի այս ժամանակաշրջանին Նորին Սրբութիւնը պատգամեց հոգեւոր հովիւներուն՝ ամէն ջանք ի գործ դնել հասարակութեան մէջ ազգային-հոգեւոր արժէքներու առաւել զօրացման եւ սիրոյ ու համերաշխութեան ոգիի ամրապնդման նպատակով։

Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Վեհափառ Հայրապետը վերջին շրջաններուն կը մէկտեղուի ներքին թեմերու հոգեւորականաց դասերուն հետ, երբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ակնյայտօրէն կը թիրախաւորուի բոլոր հարթութիւններու վրայ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025