ԺԸՆԵՒԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԱՂՕԹՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմը շաբաթավերջին հիւրընկալեց միջեկեղեցական աղօթք մը։ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Թեմակալ առաջնորդի տեղապահ Տ. Գուսան Ծայրագոյն Վարդապետ Ալճանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Քրիստոնէից միութեան շաբթուան առթիւ կազմակերպուած այս աղօթքը հայ եկեղեցւոյ երդիքին տակ համախմբեց զանազան դաւանանքներէ քրիստոնեայ հաւատացեալներ, որոնք իրենց առ Աստուած աղօթքը բարձրացնելու առընթեր, փոխանակեցին բարեմաղթանքներ այժմու տարեմուտին։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2025