Երեքշաբթի 22, Յուլիս 2025
Ս. ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ
Ս. Առաքելոց տօնին առթիւ, շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Արարողութեան ընթացքին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին հաւատացեալներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի առաքեալներու նմանութեամբ անոնք դառնան Հայ Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակները, պահեն առաքելական կոչումը եկեղեցւոյ եւ իրենց ներդրումը բերեն ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։
Ս. Պատարագէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ նախաճաշի սեղան մը, որու ընթացքին բոլորը անմիջական զրոյց ունեցան իրարու հետ։
Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025