«ԽՐԱՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ»
Առակաց գիրքի առաջին գլուխին 7-19-րդ համարները այսպէս վերանգրուած են՝ «Խրատ երիտասարդներուն»:
Առակացի իմաստուն հեղինակը երիտասարդներուն առջեւ ճանապարհային քարտէս մը կը գծէ, որով եթէ ընթանան, ապա իրենց կեանքը օրինակելի կը դառնայ:
Նախ՝ իմաստունը կը թելադրէ, որ երիտասարդները Տիրոջ երկիւղը ունենան, որովհետեւ այն իմաստութեան սկիզբն է, ինչպէս նաեւ զգօն ըլլան, քանի որ զգօնութիւնը բարի աստուածպաշտութիւնն է (տե՛ս Առ 1.7):
Երկրորդ՝ կը խրատէ զանոնք լսելու ու չմերժելու ծնողներուն խրատն ու պատուիրանը, որպէսզի շնորհքի պսակ կրեն իրենց գլուխներուն եւ ոսկի մանեակներ՝ իրենց վիզերուն (տե՛ս 1.8-9):
Երրորդ՝ կը զգուշացնէ զանոնք չխաբուիլ ամբարիշտներէն ու հաւանութիւն չտալ անոնց չար գործերուն ու մտադրութիւններուն, մասնակից դառնալ անոնց արիւնահեղութիւններուն, արդար մարդոց վնաս պատճառելուն եւ անոնց ունեցուածքը յափշտակելուն, յստակ կերպով կը թելադրէ, որ երիտասարդները բաժնեկից չըլլան այդպիսներուն (տե՛ս 1.10-14) եւ կ՚աւելցնէ, ըսելով. «Որդեա՛կ, ճամբայ մի՛ երթար անոնց հետ, ոտքդ շեղէ՛ անոնք շաւիղներէն, որովհետեւ անոնց ոտքերը դէպի չարիք կ՚ընթանան եւ անոնք կը շտապեն արիւն հեղել: Արդարեւ, ի զուր թակարդ չեն լարեր թռչուններու համար: Անոնք, որոնք սպանութեան մասնակից կը դառնան, չարիք կը գանձեն իրենց անձի համար. չար պիտի ըլլայ անիրաւ մարդոց կործանումը: Այդ է ճանապարհը բոլոր անոնց, որոնք անիրաւութիւն կը գործեն, որովհետեւ ամբարտաւանութեամբ անոնք կը սպաննեն իրենց հոգին» (1.15-19):
Գլխաւոր երեք խրատներ, որոնք իրենց մէջ կ՚ընդգրկեն երիտասարդի մը համար առաքինի կեանք մը ապրելու բոլոր նախապայամնները:
ա. Երկիւղ ունենալ Աստուծմէ, որով իմաստութիւն ձեռք բերած կ՚ըլլան:
բ. Հնազանդիլ, յարգել ու սիրել ծնողները, որով օրհնութիւն ու շնորհք կը ստանան:
գ. Հեռու մնալ, չընկերակցիլ, չգործակցիլ ամբարիշտներուն հետ, որով իրենք զիրենք փրկած կ՚ըլլան չար կործանումէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
21 փետրուար 2026, Վաղարշապատ