ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած իրաւաբաններու միջազգային համաժողովին մասնակիցները։ Հայաստանի Փաստաբաններու պալատին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այդ հաւաքի մասնակիցներուն հետ զրուցելու ժամանակ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը բացատրեց Սուրբ Էջմիածնի առանցքային դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ քրիստոնէական հաւատը դարեր շարունակ եղած է ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու, ինչպէս նաեւ հայկական ինքնութեան կերտողը։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան դէմ իրականացուած ցեղասպան գործողութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ եկան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ առնուած քայլերը՝ մասնաւորապէս Պաքուի մէջ ի պահ դրուած գերիներու, պատանդներու ազատ արձակման ուղղութեամբ։ Զրուցակիցները ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած առկայ անվտանգային մարտահրաւէրները։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց միջազգային հարթակներու վրայ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հասարակութիւններու միջեւ արդարութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025