ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐԵԼ՝ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵԼՈՎ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները վերջերս իրենց հերթական հանդիպումը ունեցան՝ այս անգամ Մենհեթթընի մէջ, Նիւ Եորք։ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանին հասած էր՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանն ու Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանը հիւրընկալելու հերթը։
Առաջնորդ սրբազանները քննարկեցին, թէ ինչպէս կրնան սերտացնել իրենց համագործակցութիւնը, աւելի արդիւնաւէտ օգտագործել հնարաւորութիւնները, կղերական դասն ու աշխարհական ղեկավարները զանազան ուղղութիւններով համակարգուած աշխատանքի մղելով։ Անոնք աշխատանքի ձեռնարկեցին, որպէսզի կազմակերպուին միջթեմական կղերականներու համագումար մը եւ առանձին թեմական խորհուրդներու անդամներէն կազմուած ժողով մը։ Այս ամբողջին մէջ առաջնահերթութիւն կը ներկայացնեն հոգեւորականաց վերապատրաստման ծրագիրները, երիտասարդ սերունդին ուղղեալ առաքելութիւնը։
Առաջնորդներու հանդիպման ծրագրին վրայ նախատեսուած էր այցելութիւն մը՝ դէպի Սուրբ Ներսէս ընծայարան, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի արուարձաններէն Արմոնքի մէջ։ Ընծայարանի տնօրէն Տ. Մարտիրոս Աւ. Քհնյ. Չեւեանի գլխաւորութեամբ սրբազանները հիւրընկալուեցան ջերմօրէն՝ մանաւանդ անմիջականօրէն շփուելով երիտասարդներու հետ։
Առաջնորդներու հաւաքի շրջանակներէն ներս սրբազանները առիթն ունեցան մէկտեղուելու նաեւ այն հոգեւոր հովիւներուն հետ, որոնք Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի եկեղեցիներուն մէջ ծառայութիւն կը մատուցեն։