ԻՋՄԱՆ Ս. ՍԵՂԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ ԱՂՕԹՔ. «ՄԷԿ ՄԱՐՄԻՆ ԵՒ ՄԷԿ ՀՈԳԻ»

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ մատուցուեցաւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Հայաստանի Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեանի։

Սրբազան արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ, Միածնաէջ Մայր Տաճարի Իջման Ս. Սեղանին առջեւ կատարուեցաւ քրիստոնէից միութեան համար աղօթք։ Սա ամփոփումն էր յունուարի 18-25-ին, Վատիկանի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած տարեկան քրիստոնէական միասնութեան աղօթքի շաբթուան։ Հարկ է նշել, որ աղօթքի շաբաթը այս տարի նուիրուած էր Հայաստանին։

Աղօթքի շաբթուան նիւթերը պատրաստուած էին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կողմէ։ Անոնք կազմուած էին Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի Արեւագալի ժամերգութեան հիման վրայ։ Անցեալ շաբաթ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը աղօթեց տասնեակ լեզուներու թարգմանուած հայկական աղօթքներով։

Քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբթուայ այս տարուան խորագիրն էր՝ «Մէկ մարմին եւ մէկ հոգի»։ Այս ընթացքին աշխարհի քրիստոնեաները աղօթք բարձրացուցին հայ ժողովուրդի եւ Հայ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու միջեւ միասնութեան եւ համերաշխութեան համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 26, 2026