ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ փուլին, շաբաթ յետմիջօրէին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը՝ հանդիսապետութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս միջեկեղեցական միութեան աղօթքի շաբաթը համախմբեց քաղաքիս քրիստոնեաները, որոնք տարեմուտի մթնոլորտին մէջ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին բարեացակամ տրամադրութիւններով եւ դրական սպասումներով։ 

Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ էքիւմենիք արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն վեղարաւորներ եւ բազմաթիւ քահանայ հայրեր։ Իսթանպուլի Լատին կաթոլիկներու վիճակաւոր Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ եպիսկոպոսին առընթեր, երեկոյեան ժամերգութեան մասնակցութիւն բերին այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականի երգեցողութեամբ սկսաւ արարողութիւնը, որու ընթացքին զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ զանազան լեզուներով Սուրբ Աւետարանէն հատուածներ ընթերցեցին։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզին մէջ ողջունեց քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ իր ողջոյնները յղեց նաեւ անոնց առաջնորդներուն։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, թէ քաղաքիս քրիստոնէական եկեղեցիները համախումբ ձեւով այս տարի եւս հասած էին աղօթքի շաբթուայ աւարտին։ 

Քարոզի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտը դրաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծնունդի կարեւորութեան վրայ։ Ան դիտել տուաւ, որ այս դէպքը աշխարհի պատմութեան վրայ անջնջելի հետք մը թողած է։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուայ խորհուրդին եւ ըսաւ. «Այս ժառանգութիւնն ու կտակը իրականացնելու համար մենք ի մի կը հաւաքուինք եւ կ՚աղօթենք»։ Իր խօսքով՝ հակառակ պատմութեան զանազան դէպքերուն՝ եկեղեցին կը շարունակէ մնալ բազմաթիւ ճիւղերով հսկայ ծառ մը։ Հակառակ ամէն ինչի՝ ան մէ՛կ ծառ մըն է եւ պէտք է աշխատանք տանիլ այդ ծառը խնամելու համար։ «Այսպէս է, որ պիտի իրականանայ եկեղեցւոյ միութիւնը», ըսաւ ան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր քարոզի աւարտին, ներկաները միասնաբար արտասանեցին Նիկիոյ հանգանակը։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնեց ներկայ հաւատացեալները եւ արձակման աղօթքէն առաջ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը։ Միջեկեղեցական արարողութեան եզրափակիչ փուլին «Սիոնի» շարականի երգեցողութեամբ կազմուած թափօրով հոգեւորականները դուրս եկան տաճարէն։ 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին եւս Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք յղեցին իրենց առաջնորդներու ողջոյններն ու բարեմաղթանքը։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պատշաճ ընդունելութիւն ցուցաբերեց՝ էքիւմենիք աղօթքին յաջորդած ընդունելութեան բոլոր մասնակիցներուն նկատմամբ։ 

Հարկ է նշել, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը այս տարի եւս աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուան արարողութիւններուն, որոնց զանազան փուլերուն մասնակցեցան պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 26, 2026